Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»ի շքանշանին Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»ի շքանշանին 

Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»ի շքանշանին

Ն. Աֆէեան ծնած է Պէյրութ, 1962ին. յաճախած է Մոնթրէալի «ՄըքԿիլ» համալսարանը, իսկ դոկտորական կոչումը ստացած է biochemical engineering ճիւղին մէջ, Պոսթընի հեղինակաւոր MIT համալսարանէն, 1987ին:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Լիբանանի նախագահ Միշէլ Աունի հրամանագիրով, անցեալ շաբաթ, Միացեալ Նահանգներու մօտ Լիբանանի դեսպան Կապրիէլ Իսայի ձեռամբ, Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի նախկին աշակերտ եւ բարերար դոկտ. Նուպար Աֆէեան արժանացաւ Լիբանանի «Ազգային արժանեաց կարգ»ի շքանշանին՝ առ ի գնահատանք «Քորոնա» ժահրին պատուաստը հնարելու համար իր համահիմնած «Մոտերնա» ընկերութեան յատկանշական իրագործումին:

Ն. Աֆէեան ծնած է Պէյրութ, 1962ին. յաճախած է Մոնթրէալի «ՄըքԿիլ» համալսարանը, իսկ դոկտորական կոչումը ստացած է biochemical engineering ճիւղին մէջ, Պոսթընի հեղինակաւոր MIT համալսարանէն, 1987ին: Ան անցնող 28 տարիներուն եղած է հիմնադիրը 30 ընկերութիւններու, որոնց ընդհանուր արժէքը կը գնահատուի 10 միլիառ տոլարով:

Յատկանշական է, որ նոյն մրցանակաբաշխութեան ընթացքին մեծարուեցաւ նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախորդ վարչակազմի լիբանանեան արմատներով առողջապահութեան նախարար Ալեքս Ազարը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2021, 08:00