Եւս 5 գերիներ վերադարձան Հայաստան Եւս 5 գերիներ վերադարձան Հայաստան 

Եւս 5 գերիներ վերադարձան Հայաստան

9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութենէն ետք, Խծաբերդի մէջ գերեվարուած 62 զինուորներէն մինչեւ օրս վերադարձած են 8ը:

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Ռուսական կողմին միջնորդութեամբ Հայաստան վերադարձան եւս 5 գերիներ: Փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեանի գրասենեակէն «Ազատութեան» հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեցին, որ անոնցմէ 3ը Խծաբերդի տարածքէն գերի ինկածներն են:

Օդակայանին մէջ պարզուեցաւ, որ հայրենիք վերադարձուածներէն առնուազն մէկը գերի առնուած էր պատերազմի օրերուն` Հոկտեմբերին:

Ընդհանուր առմամբ Ատրպէյճանէն Հայաստան տեղափոխուած են 64 գերիներ:

9 Նոյեմբերի եռակողմանի յայտարարութենէն ետք, Խծաբերդի մէջ գերեվարուած 62 զինուորներէն մինչեւ օրս վերադարձած են 8ը:

Հայկական կողմին տուեալներուն համաձայն՝ Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու թիւը առաւել քան 200 է, սակայն ատրպէյճանական կողմը այդ թիւը չի հաստատեր:

«Թասս»ը կը հաղորդէ, որ ռուս խաղաղապահներուն ընկերակցութեամբ Երեւանէն Պաքու փոխանցուած է մէկ գերի: Այս մասին յայտնեց Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան հրամանատար, զօր. Ռուստամ Մուրատով:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2021, 07:23