ԵԱՀԿ- Մինսք ԵԱՀԿ- Մինսք 

«ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի» կ՛ըսէ Ռուտենքօ

Այժմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը եւ անոր համանախագահները կրնան աշխուժութիւն դրսեւորել հայերուն եւ ազրպէյճանցիներուն միջեւ վստահութիւն ստեղծող քայլեր ձեռնարկելու գործին մէջ:

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու գործունէութիւնը պէտք է շարունակուի, անոնք կարեւոր ներդրում ունեցած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հիմնարար սկզբունքներուն մշակման գործին մէջ, եւ այդ սկզբունքներէն շատերը արտացոլած են 9 նոյեմբեր 2020-ի յայտարարութեան մէջ: Այս մասին ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:

«Ասիկա կը վերաբերի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններու Ազրպէյճանին վերադարձին, գաղթականներու վերադարձին, Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանին կապող միջանցքի պահպանման, անվտանգութեան, խաղաղապահ գործողութիւններուն, շրջանին մէջ բոլոր տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային կապերու ապաշրջափակման:

«Առաջուան պէս պահանջուած կը մնայ համապարփակ քաղաքական լուծման հասնելու խնդիրը, որ ԵԱՀԿ-ի Պուտափեշտի վեհաժողովին (1994 թուական) որոշումներով դրուած է Մինսքի խմբակի համանախագահութեան վրայ: Եռեակը միջազգային ուժեղ աջակցութիւն ունի եւ կրնայ օգտակար ըլլալ հետագայ քայլերու, ներառեալ` կարգավիճակի վերաբերեալ հարցերու փոխադարձաբար ընդունելի մօտեցումներու մշակումը: Սակայն զգուշաւոր, առանց շտապելու, երբ ժամանակը գայ:

«Այժմ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը եւ անոր համանախագահները կրնան աշխուժութիւն դրսեւորել հայերուն եւ ազրպէյճանցիներուն միջեւ վստահութիւն ստեղծող քայլեր ձեռնարկելու գործին մէջ: Երկխօսութեան զարգացումը քաղաքացիական հասարակութեան ծիրին մէջ պիտի նպաստէ շրջանին մէջ իրավիճակի ընդհանուր բարելաւման եւ քաղաքական ուղիի վրայ հետագայ քայլերու նախադրեալներու ստեղծման», նշած է Ռուտենքօ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ արդեօք Ռուսիան չի զգուշանար Անդրկովկասի մէջ Թուրքիոյ ներկայութենէն, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է, որ Մոսկուան կը մեկնի այն փաստէն, որ «շրջանին մէջ զինուորական գծով Անգարայի հետ ռուսական կողմի փոխադարձ գործակցութիւնը կը կառուցուի ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ զինադադարի վերահսկման ռուս-թրքական միացեալ կեդրոնի ծիրին մէջ, որ 30 յունուարէն կը գործէ Աղտամի մէջ»:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2021, 11:51