Արցախ վերադարձած  քաղաքացի Արցախ վերադարձած քաղաքացի 

Արցախ վերադարձած է 52 700 քաղաքացի

Ընդամէնը 14 նոյեմբեր 2020-էն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախկին բնակութեան վայր վերադարձած է 52 700 մարդ:

Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբը կը շարունակէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին մէջ առաջադրանքներու կատարումը:

Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով ՌԴ պաշտպանութեան նախարարութիւնը, ռուս խաղաղապահներու կողմէ քսանեօթ դիտակէտերու մէջ իրադրութեան շուրջօրեայ հսկողութիւն եւ հրադադարի ռեժիմի պահպանման վերահսկողութիւն կ'իրականացուի:

«Հրադադարի պահպանման ռեժիմը կը պահպանուի շփման գիծի ողջ երկայնքով»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ կ'ապահովուի քաղաքացիներու անվտանգ վերադարձը իրենց մշտական բնակութեան վայրեր եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքի կառոյցներու վերականգնումը, մարդասիրական օգնութիւն կը ցուցաբերուի բնակչութեան:

Ընդամէնը 14 նոյեմբեր 2020-էն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախկին բնակութեան վայր վերադարձած է 52 700 մարդ:

Մարդասիրական ականազերծման կեդրոնի ճարտարապետա-սակրաւորներու խումբերը կը շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տարածքի ականազերծման աշխատանքները: Մէկ օրուան մէջ մաքրուած է 13 հա տարածք, 4 քմ ճանապարհ, 15 շէնք-շինութիւն, յայտնաբերուած եւ ոչնչացման համար դուրս բերուած է 43 պայթիւնավտանգ առարկայ: Ընդհանուր առմամբ, 23 նոյեմբերի 2020-էն չպայթած զինամթերքէ մաքրուած է 1474 հա տարածք, 457 քմ ճանապարհ, 1440 շէնք-շինութիւն, այդ շարքին՝ 30 սոցիալապէս նշանակալի կառոյց, յայտնաբերուած եւ վնասազերծուած է 24 870 պայթուցիկ առարկայ:

Ռուս խաղաղապահներու կողմէ ապահովուած է Ատրպէյճանի զինուած ուժերու վեց շարասիւններու անվտանգ անցումը. չորսը՝ Լաչինի միջանցքով հիւսիսային եւ հարաւային ուղղութեամբ, մէկը՝ Շուշի-Կարմիր շուկայ-Քաջար եւ մէկը՝ հակառակ ուղղութեամբ:

Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի պատասխանատւութեան գօտիին մէջ հնարաւոր միջադէպերու կանխման ջանքերը համակարգելու համար շարունակական փոխգործակցութիւն կը պահպանուի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի զինուած ուժերու գլխաւոր շտապներու հետ:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2021, 11:17