Մօտիկութիւն, հիւադութիւն Մօտիկութիւն, հիւադութիւն 

2020 թուականին մեծ թիւով քաղցկեղով հիւանդներ Հայաստանի մէջ

4 Փետրուարին, աշխարհը կը նշէ քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը

2020 թուականին Հայաստանի մէջ գրանցուած է քաղցկեղի 7050 նոր դէպք` քիւչ մը աւելի քիչ, քան 2018-ին (8672 նոր դէպք) եւ 2019-ին (7908): Այս մասին լրագրողներուն յայտնած են առողջապահութեան նախարարութեան Ֆանարճեանի անուան Քաղցկեղի ազգային կեդրոնի տնօրէն Նարեկ Մանուկեանը եւ Առողջապահութեան նախարարութեան` ուռուցքաբանութեան հարցերով խորհրդական Հայկուհի Գեքկեանը եւ վիճակագրութեան վարման եւ հետազօտութիւններու բաժնի ղեկավար Արեւիկ Ստեփանեանը:

Ըստ մասնագէտներու` Հայաստանի մէջ տարածուածութեան առումով առաջին տեղը կը գրաւէ կրծքագեղձի քաղցկեղը, որուն կը յաջորդեն թոքերու քաղցկեղը եւ հաստ աղիքի քաղցկեղը: Նման վիճակագրութիւն այսօր կը գրանցուի աշխարհի շատ երկիրներու մէջ:

Ինչ կը վերաբերի մահացութեան, ապա 2018-ին Հայաստանի մէջ գրանցուած է քաղցկեղէն 5199 մահուան դէպք, 2019-ին` 5434 մահուան դէպք: 2020 թուականի վերաբերեալ դեռ տուեալներ չկան. մասնագէտները կը նախատեսեն արդիւնքներն ամփոփել մինչեւ ընթացիկ տարուայ մարտ:

4 Փետրուարին, աշխարհը կը նշէ քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը, որ սահմանուած է Քաղցկեղի միջազգային վերահսկողութեան միութեան (UICC) կողմէ` աշխարհի ուշադրութիւնն այս  միջազգային խնդրի վրայ սեւեռելու համար: 2019-2021 թուականներուն Քաղցկեղի դէմ պայքարի համաշխարհային օրը նշուած է «Ես կամ եւ ես կլինեմ» կարգախօսի ներքոյ:

Այս օրը մասնագէտները մարդոց կը յիշեցնեն քաղցկեղի զարգացման վրայ ազդող վտանգի գործօններու մասին: Այս գործօններու շարքին առաջին տեղը անառողջ ապրելակերպն է` սխալ սննդակարգը, ծխելը, ոգելից խմիչք օգտագործելը եւ այլ գործօններ, որոնք էապէս կը մեծցնեն քաղցկեղի առաջացման հաւանականութիւնը:

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2021, 10:00