Պատուաստանիւթ Պատուաստանիւթ 

130 Երկիր մնացած է առանց պատուաստի

Այս պահուն գրեթէ 130 երկիր՝ 2,5 միլիառ բնակչութեամբ, մնացած է առանց պատուաստանիւթի։ Այս մասին ըսուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործադիր տնօրէն Հենրիէթա Ֆորի եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուսի համատեղ յայտարարութեան մէջ։

Մինչեւ այժմ ներարկուած պատուաստանիւթերու 128 միլիոն դեղաչափի ¾-ը հասած է ընդամէնը 10 երկրի, որոնց բաժին կ'իյնայ համաշխարհային ՀՆԱ-ի 60 %-ը։ Այս պահուն գրեթէ 130 երկիր՝ 2,5 միլիառ բնակչութեամբ, մնացած է առանց պատուաստանիւթի։ Այս մասին ըսուած է ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի գործադիր տնօրէն Հենրիէթա Ֆորի եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան գլխաւոր տնօրէն Թետրոս Կեպրէյեսուսի համատեղ յայտարարութեան մէջ։

«Այս կործանարար ռազմավարութիւնը կեանքեր կը խլէ, ժահրին ձեւափոխուելու եւ պատուաստանիւթերուն դիմակայելու հետագայ հնարաւորութիւն կու տայ եւ կը խոչըդոտէ համաշխարհային տնտեսութեան վերականգնման»,-գրուած է յայտարարութեան մէջ։

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը եւ ԱՀԿ-ն երկիրներու ղեկավարներուն կոչ ըրած են նայելու իրենց երկրի սահմաններէն դուրս եւ պատուաստումներու այնպիսի ռազմավարութիւն որդեգրել, որ իսկապէս կրնայ վերջ դնել համավարակին եւ սահմանափակել անոր նոր տարբերակները։

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կոչ կ'ըլլայ բուժաշխատողներուն եւ բարձր ռիսքի գօտիի վրայ գտնուող բնակչութեան պատուաստելէ ետք պատուաստանիւթը կիսել այլ երկիրներու հետ՝ COVAX ծրագրի շրջագիծէն ներս։

Քաղուած «Արեւելք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/02/2021, 10:28