Պատուաստանիւթ Պատուաստանիւթ 

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան համաձայն, «Քորոնա» ժահրի Բրիտանական տիպը 50 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ յայտնաբերուած է

«Յայտնի է, որ ժահրերը անընդհատ կը փոխուին, ուստի կը սպասուէր այդ նոր տարբերակներու յառաջացումը», բացատրած են Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն
Ունկնդրէ լուրը

Ի սկզբանէ Բրիտանիոյ մէջ յայտնաբերուած «Քորոնա» ժահրի խիստ վարակիչ տիպի գոյութիւնը արդէն հաստատուած է 50 երկիրներու եւ տարածքներու մէջ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան կողմէ չորեքշաբթի օր Ժընեւի մէջ հրապարակուած շաբաթական համաճարակաբանական տեղեկագիրին մէջ:

«14 դեկտեմբերին (բրիտանական տիպին) առաջին յայտնաբերումէն ի վեր  «ՎՕՔ-202012/01»-ը յայտնաբերուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 6 շրջաններէն 5-ին մէջ` 50 պետութիւններու/տարածքներու մէջ», կը նշէ կազմակերպութիւնը:

Կը նշուի նաեւ, որ «50 1Ուայ.Վի2» անուանումը ստացած «Քորոնա» ժահրի տիպը, որուն մասին տեղեկութիւնը ի սկզբանէ եկած է Հարաւային Ափրիկէէն, «յայտնաբերուած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան 6 շրջաններէն 4-ին մէջ` 20 երկիրներու/տարածքներու մէջ»: Բացի ատկէ, 9 յունուարին Ճափոնը Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան տեղեկացուցած էր, որ Պրազիլէն հասած 4 մարդու մօտ յայտնաբերուած է «Պի.1.1.28» նոր տիպը:

«Յայտնի է, որ ժահրերը անընդհատ կը փոխուին, ուստի կը սպասուէր այդ նոր տարբերակներու յառաջացումը», բացատրած են Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութենէն: Այս տեսակներու յայտնաբերումը կ՛ընդգծէ «ՍԱՐՍ-ՔօՎ-2» ժահրի ախտորոշիչ կարողութիւններու ընդլայնման եւ համակարգային յաջորդականութեան ուսումնասիրման», ինչպէս նաեւ համաշխարհային ընտանիքի ժամանակին տեղեկութիւն տրամադրելու կարեւորութիւնը, կը նշուի տեղեկագիրին մէջ:

Յիշեցնենք, որ ժահրի նոր տեսակի տարածման մասին Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած էր 14 դեկտեմբերին: Յայտնի է, որ ժահրի նոր տիպը աւելի արագ կը տարածուի, սակայն օրկանիզմին վրայ ատոր ազդեցութեան մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան:

Ժահրի «բրիտանական» տեսակով վարակման դէպքեր յայտնաբերուած են եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ` Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Դանիոյ, Իտալիոյ, ինչպէս նաեւ Ճափոնի մէջ:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2021, 10:48