Ամերիկան կը պատրաստուի նախագահ Պայտընի երդմնակալութեան Ամերիկան կը պատրաստուի նախագահ Պայտընի երդմնակալութեան  

Ամերիկան կը պատրաստուի նախագահ Պայտընի երդմնակալութեան

Լրատուամիջոցները կը գրեն, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընը 20 յունուարին երդմնակալութեան արարողութենէն ետք կը ծրագրէ տասնեակէ աւելի հրամանագրեր ստորագրել
Ունկնդրէ լուրը

ԱՄՆ-ն անվտանգութեան ուժեղացուած միջոցառումներ իրականացնելով կը պատրաստուի երկրի 46-րդ նախագահի երդմնակալութեան:

Լրատուամիջոցները կը գրեն, որ ԱՄՆ նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընը 20 յունուարին երդմնակալութեան արարողութենէն ետք կը ծրագրէ տասնեակէ աւելի հրամանագրեր ստորագրել, այդ շարքին՝ Կլիմայի հարցով փարիզեան համաձայնագրին վերադառնալու եւ գերազանցապէս իսլամական երկիրներ ուղեւորութեան արգելքի վերացման մասին հրամանագրերը: Այդ մասին յայտնած է ԱՄՆ վարչակազմի նոր ղեկավար Ռոն Քլէյնը:

Պայտընի նախընտրական խոստումները կ'ընդգրկէին կլիմայի փոփոխութենէն մինչեւ ներգաղթի եւ արտաքին քաղաքականութեանն առնչուող հարցեր։

Ի դէպ, ԱՄՆ փոխնախագահի պաշտօնը լքելէ առաջ իր վերջին հրապարակային ելոյթին մէջ Մայք Փէնսը նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կոչ ըրած է «մշտապէս զգօնութիւն» ցուցաբերելու, յատկապէս, երբ խօսքը կը վերաբերի ԱՄՆ-ի եւ Չինաստանի յարաբերութիւններուն:

Քաղուած «Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/01/2021, 11:23