Եւրոմիութիւն Եւրոմիութիւն 

ԵՄ-ն Ազրպէյճանին կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատ արձակելու գերութեան մէջ յայտնուած 57 Հայ զինծառայողները

Նշենք, որ նախօրէին Ազրպէյճանէն վերադարձուեցան 5 գերիներ, գերութեան մէջ գտնուող 62 զինծառայողներ ալ հեռախօսակապով զրուցած էին իրենց հարազատներուն հետ։

Եւրոմիութիւնը կ՝ողջունէ Ազրպէյճանի կողմէ հայ 5 զինծառայողներու ազատ արձակումը, որոնք գերեւարուած էին Ազրպէյճանի կողմէ Նոյեմբերին։ Այս մասին Twitterի իր էջին գրած է Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու ծառայութեան խօսնակ Փիթըր Սդանօ։

«ԵՄ-ն կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատ արձակելու կալանքի տակ մնացած 57 անձերը։ Ասիկա պիտի նպաստէ երկու երկիրներուն միջեւ վստահութեան ամրապնդման, որ կարեւոր է տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան համար»,- գրած է Սդանօ:

Նշենք, որ նախօրէին Ազրպէյճանէն վերադարձուեցան 5 գերիներ, գերութեան մէջ գտնուող 62 զինծառայողներ ալ հեռախօսակապով զրուցած էին իրենց հարազատներուն հետ։

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2021, 08:37