Լիբանանի մէջ կը նախատեսուի երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգել Լիբանանի մէջ կը նախատեսուի երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգել 

Լիբանանի մէջ կը նախատեսուի երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգել։

Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաւէրով` Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը այսօր կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պաապտայի մէջ պիտի գումարէ իր արտակարգ նիստը, որուն ընթացքին ընդհանուր գնահատականը պիտի կատարուի երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին, ինչպէս նաեւ պիտի քննուի «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապին ուղարկած յանձնարարութիւնը:

Կը նախատեսուի երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգել:

Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի առողջապահական հարցերու խորհրդատու, Շտապի անդամ Փեթրա Խուրի յայտնեց, որ վարչապետարանին մէջ պիտի գումարուի նիստ մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի երկրին առողջապահական իրավիճակը եւ անոր հիման վրայ Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդին ուղարկուի յանձնարարութիւնը:

Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 4332 նոր վարակուածներ եւ 64 մահացածներ:

Առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասան երէկ ապաքինելէ ետք «Քորոնա» ժահրէն դուրս եկաւ «Սեն Ժորժ» հիւանդանոցէն` շնորհակալութիւն յայտնելով բժիշկներուն, հիւանդապահներուն եւ բժշկական անձնակազմին, որոնք շատ լաւ խնամած էին զինք:

Նշենք, որ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ նախարարութեան կեդրոնատեղիին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Պէյրութի Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆի, Թրիփոլիի Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Սելիմ Ապի Սալեհի եւ Հիւանդապահներու սենտիքայի նախագահ Միրնա Ապտալլա-Տումեթի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ բժշկական ծրագիր մը, որուն նպատակն է հիւանդանոցներուն վրայ բանեցուած ճնշումը նուազեցնել:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2021, 08:00