Այբուբէնը Այբուբէնը  

Տիգրանակերտի մէջ՝ արեւմտահայերէնի դասընթացք

«2011ին Տիգրանակերտի մէջ երկու անգամ կազմակերպուած էր հայոց լեզուի դասընթացք, դարձեալ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ Արա Սարաֆեանի աջակցութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Ակունք»․- Տիգրանակերտի Ս․ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամի ղեկավար խորհուրդի անդամ Օհաննէս Օհանեանի (թրքական անունը՝ Կաֆուր Թիւրքա) նախաձեռնութեամբ սկսած է արեւմտահայերէնի հեռավար դասընթացք մը։ Դասընթացքին առաջին փուլին մասնակցեցան Տիգրանակերտ բնակող եւ զանազան տարիքի խումբի պատկանող 12 հայեր։ Դասընթացքը կը վարեն սփիւռքահայ Գրիգոր Մոսկովեան եւ պոլսահայ Արաս Սարըչոպան։ Ստորեւ կու տանք Կարօտ Սասունեանի թղթակցութիւնը, թարգմանուած՝ Մելինէ Անումեանի կողմէ․

«2011ին Տիգրանակերտի մէջ երկու անգամ կազմակերպուած էր հայոց լեզուի դասընթացք, դարձեալ Սուրբ Կիրակոս եկեղեցւոյ հիմնադրամին նախաձեռնութեամբ եւ Լոնտոնի մէջ գործող «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ Արա Սարաֆեանի աջակցութեամբ։

Բացի այդ, վերջին երկու տարին Տիգրանակերտէն ուսանող գործուղուած է Հունգարիա՝ արեւմտահայերէն ուսանելու նպատակով, իսկ անցեալ տարի Յունաստանի մէջ նախատեսուող դասընթացը չէ իրականացած «Քորոնա» ժահրին պատճառով։

«Ըստ Կարօտ Սասունեանի՝ «Կոմիտաս» հիմնարկի նախագահ Արա Սարաֆեան մեծ ներդրում ունի Արեւմտեան Հայաստանի, մասնաւորապէս Տիգրանակերտի հայութեան մէջ արեւմտահայերէնի պահպանութեան եւ վերազարթօնքի գործին մէջ։

«Կը նախատեսուի, որ հեռավար կերպով շաբաթական մէկ անգամ կազմակերպուող սոյն դասընթացին մասնակցողներուն թիւը հետզհետէ աճի, որովհետեւ դասընթացքը մեծ ոգեւորութիւն յարուցած է տեղւոյն հայերուն մէջ»։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2021, 08:10