Քոնկրեսը հաստատեց Պայտընի նախագահ ընտրուիլը Քոնկրեսը հաստատեց Պայտընի նախագահ ընտրուիլը 

Հակառակ Քոնկրեսի շէնքը խուժած խռովարարներու ջանքերուն՝ Քոնկրեսը հաստատեց Պայտընի նախագահ ընտրուիլը

Նախագահ ընտրուած Ճօ Պայտըն դատապարտեց գլխաւորաբար ծայրայեղ ազգայնամոլներէ բաղկացած խռովարարներուն արարքները եւ կոչ ըրաւ Թրամփին, որ անյապաղ վայրագութիւնները դադրեցնելու կոչ ընէ իր համակիրներուն:
Ունկնդրէ լուրը

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ».- 6 Յունուար 2021ը Միացեալ Նահանգներու պատմութեան սեւ էջերէն մէկը դարձաւ, երբ ամիսներով նախագահ Տանըլտ Թրամփի սուտերուն կուրօրէն հաւատացող հարիւրաւոր վայրագ համակիրներ Քոնկրեսի շէնքը խուժեցին, այն միջոցին, երբ Քոնկրեսը կը վաւերացնէր նախագահական ընտրութիւններուն արդիւնքը:

Քոնկրեսականները եւ անոնց անձնակազմերը ահաբեկած խռովարարները ապակիներ կոտրեցին եւ նիւթական վնասներ հասցուցին ժողովրդավարութեան սիրտը նկատուող կառոյցին՝ կրկնելով բազմաթիւ առիթներով եւ դատարաններու կողմէ հերքուած այն պնդումները, թէ ընտրական օրէնքներու խախտումներ տեղի ունեցած են: Ստեղծուած քաոսային վիճակին մէջ առնուազն 4 անձեր մահացան եւ առաւել քան տասնեակ մը ուրիշներ ձերբակալուեցան։

Քոնկրեսի ոստիկանութիւնը պարտադրուեցաւ ապահով սենեակներ եւ ապաստանարաններ փոխադրել քոնկրեսականները, սպասելով դաշնակցային ուժերուն՝ կացութիւնը ամբողջութեամբ հակակշռելի դարձնելու համար:

Նախագահ ընտրուած Ճօ Պայտըն դատապարտեց գլխաւորաբար ծայրայեղ ազգայնամոլներէ բաղկացած խռովարարներուն արարքները եւ կոչ ըրաւ Թրամփին, որ անյապաղ վայրագութիւնները դադրեցնելու կոչ ընէ իր համակիրներուն:

Հակառակ այն իրողութեան, որ Թրամփ անմիջապէս եւ խստօրէն կը հակազդէր սեւամորթներու իրաւանց պաշտպանութեան ցոյցերուն ընթացքին արձանագրուած հազուադէպ խռովարարութիւններուն, ան աւելի քան երկու ժամ սպասեց եւ պարզապէս տուն երթալու կոչ ըրաւ իր իսկ հրաւէրով մայրաքաղաք ժամանած ցուցարարներուն: Նաեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ ան ամէն առիթով կը պնդէ, թէ ինք օրէնքը պաշտպանող մըն է՝ պարտութիւն կրած նախագահը ոչ միայն չդատապարտեց խռովարարներուն ոճրային արարքները, այլ վստահեցուց անոնց, որ կը սիրէ զիրենք, ինչ որ յաւելեալ բռնարարքներու անուղղակի հրաւէր մը կրնայ ըլլալ ամէն գնով Թրամփին ակնածանքը շահիլ ուզող ծայրայեղականներուն համար:

Աւելի ուշ, Քոնկրեսը շարունակեց իր նիստը եւ Հինգշաբթիի կանուխ ժամերուն հաստատեց Պայտընի յաղթանակը։

Յատկանշական է, որ դէպքերէն անմիջապէս առաջ յստակացած էին Ճորճիայի մէջ տեղի ունեցած Ծերակոյտի կրկնակի ընտրութիւններուն արդիւնքները, որոնց հիման վռայ Ծերակոյտը եւս Դեմոկրատներու հակակշիռին տակ անցաւ։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/01/2021, 08:01