Արամ Ա. Կաթողիկոս մանուկներու հետ Արամ Ա. Կաթողիկոս մանուկներու հետ 

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կը կատարէ

Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է` հետեւելով մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու իր քրիստոսատուր կոչումին:

Երէկ Արամ Ա. կաթողիկոս հետեւեալ գրառումը կատարեց դիմատետրի վրայ.

«Այսօր հոգեկան գոհունակութեան օր մըն էր ինծի համար: Արդարեւ, կաթողիկոսարանին կողմէ հերթաբար եւ յաճախ լուռ ու լուսարձակներէ հեռու կերպով կատարուող օժանդակութիւններու շարքին, այսօր կրցանք համայնքային կառոյցներու ճամբով 1000 կարիքաւոր ընտանիքներու նիւթական աջակցութիւն կատարել: Երկրէն ներս ստեղծուած տնտեսական ահաւոր դժուարութիւններուն դիմաց պիտի շարունակենք, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, մեր զաւակներու կարիքներուն առաւելագոյն չափով հասնիլ:

Ընկերային ծառայութիւնը եկեղեցւոյ առաջնահերթ պարտաւորութիւններէն մէկն է` հետեւելով մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի օրինակին: Եկեղեցին կոչուած է հաւատարիմ ըլլալու իր քրիստոսատուր կոչումին:

Իմ բարձր գնահատանքս կ՛ուզեմ յայտնել այն բոլոր ազգայիններուն ու մարմիններուն, որոնք օգտակար կը հանդիսանան մեր ժողովուրդի կարիքներուն` Հայաստանի, Արցախի ու Լիբանանի մէջ եւ բոլոր գաղութներէն ներս:

Հայրաբար անգամ մը եւս կը յիշեցնեմ նիւթական կարելիութիւններով օժտուած ազգայիններուն. Աստուծոյ կողմէ ձեզի պարգեւուած բարիքներէն բաժին հանեցէք մեր եկեղեցւոյ, մեր կառոյցներուն ու ընտանիքներուն»:

Քաղուած «Ազդակ » էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/01/2021, 09:08