Հայաստան վերադարձուեցան 44 գերիներ Հայաստան վերադարձուեցան 44 գերիներ 

Հայաստան վերադարձուեցան 44 գերիներ՝ զինուորներ եւ քաղաքացիներ

Զանոնք դիմաւորեցին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան եւ գերիներուն հարազատները:
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Դեկտեմբերի երեկոյեան, Հայաստանի օդակայանը վայրէջք կատարեց 44 գերիներ տեղափոխող օդանաւը։ Զանոնք դիմաւորեցին Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Հայաստանի փոխվարչապետ Տիգրան Աւինեան եւ գերիներուն հարազատները:

Աւելի կանուխ Տիգրան Աւինեան յայտնեց, որ ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ գերիներու փոխանակման գործընթաց: Ատրպէյճանէն Հայաստան տեղափոխուեցան պաշտօնապէս հաստատուած 44 հայրենակիցներ։

Իրաւապաշտպան Արտակ Զէյնալեան «Ֆէյսպուք»ի իր էջին վրայ գրած է, որ հայ գերիներուն մէկ մասը վերադարձաւ Հայաստան։ «Գործընթացի շրջանակներում հայրենիք են վերադարձել ինչպէս 27.09.2020թ. լայնամասշտաբ պատերազմի ընթացքում գերութեան մէջ յայտնուած զինուորական ծառայողներ եւ քաղաքացիական անձինք, այնպէս էլ մինչեւ պատերազմը գերեվարուած անձինք, որոնց իրաւունքների պաշտպանութիւնը մենք եւս յանձնառել էինք Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարանում: Հայրենադարձուող անձանց կէսից աւելին հանդիսանում են այն գերիները, ում իրաւունքների պաշտպանութեան նպատակով մենք Ադրբեջանի դէմ գանգատներ էինք ներկայացրել Եւրոպական դատարանին: Նրանց իրաւունքների լիարժէք վերականգմանն ուղղուած մեր յետագայ քայլերի մասին դեռ կը տեղեկացնենք հանրութեանը: Միաժամանակ, վերահաստատում ենք դեռեւս Ադրբեջանում պահուող միւս հայ գերիների վերադարձմանն ուղղուած մեր հետեւողական քայլերի շարունակականութիւնը», կ՛ըսուի Զէյնալեանի գրառման մէջ:

Նոյն օրը Հայաստանի կողմէ Պաքուին յանձնուեցան 9 ատրպէյճանցիներ. այս մասին գրած է media.az-ը՝ յղում կատարելով Ատրպէյճանի գերեվարուածներու, անհետ կորսուածներու եւ պատանդներու հարցերու պետական յանձնաժողովին։

Ատրպէյճանական կողմին փոխանցուածներուն կարգին են Արցախի մէջ սպանութեան համար դատապարտուած ատրպէյճանցիներ Տիլհամ Ասկերովը եւ Շահպազ Կուլիեւը, որոնք 2014էն ի վեր բանտարկուած էին Արցախի մէջ՝ լրտեսութեան, պետական սահմանի ապօրինի հատման, ռազմամթերք կրելու, անձի առեւանգման եւ սպանութեան համար: Անոնք ԼՂՀ ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի դատարաննի կողմէ դատապարտուած էին համապատասխանաբար ցմահ եւ 22 տարուան բանտարկութեան:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/12/2020, 07:55