Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին  

Փութին. «Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է մնայ անփոփոխ, պէտք է «Սթաթիւս Քոն» ամրապնդուի»

«Կողմերը պէտք է կանգ առնեն 10 Նոյեմբերի դրութեամբ գոյութիւն ունեցող դիրքերուն վրայ»։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր տարեկան ամփոփիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրին` ընդգծելով, որ կացութիւնը վերահսկողութենէն դուրս եկած էր: Լարուածութիւնը, անոր խօսքով, կը շարունակուէր երկար տարիներէ ի վեր: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Ռուսիոյ նախագահը կասկած յայտնած է, թէ տագնապը բռնկած է արտաքին միջամտութեան պատճառով:

«Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ Մոսկուայի դիրքորոշումը հետեւեալն է` լուծում առանց արիւնահեղութեան», բացատրած է Փութին:

«Երկար տարիներ Ռուսիան կը մեկնէր այն նախադրեալէն, որ Ազրպէյճանին պէտք է վերադարձուին եօթը շրջանները: Բացի ատկէ, շրջանին մէջ սթաթիւս քոն պէտք է ամրագրուի», բացատրած է Փութին:

Խօսելով տագնապին մէջ Թուրքիոյ դերին մասին` Փութին նշած է. «Թուրքիոյ դիրքորոշումը հիմնուած է «Ազրպէյճանի արդար գործի» պաշտպանութեան վրայ: Անգարան կը պնդէր տարածքները վերադարձնել Պաքուին»:

Ռուս ղեկավարը` յղում կատարելով այն փաստին, որ Հայաստան չէ ճանչցած Ղարաբաղի անկախութիւնը, ըսած է. «Միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն Ղարաբաղը Ազրպէյճան է»:

«Հայաստան չէ ճանչցած Ղարաբաղը, միջազգային օրէնքի տեսանկիւնէն, անոնք ազրպէյճանական տարածքներ են», ըսած է Փութին:

Անդրադառնալով տագնապի պատմութեան` Ռուսիոյ նախագահը նշած է, որ հայերը արցախեան առաջին պատերազմի ժամանակ զէնք վերցուցած էին իրենց կեանքն ու արժանապատուութիւնը պաշտպանելու համար:

Նոյն ատեն, խօսելով ներկայ իրավիճակին ու Հատրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին դէպքերուն մասին, Փութին յոյս յայտնած է, որ ատիկա եզակի դէպք կ՛ըլլայ` նշելով միաժամանակ, որ կողմերը պէտք է կանգ առնեն 10 նոյեմբերի դրութեամբ գոյութիւն ունեցող դիրքերուն վրայ:

«Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը պէտք է մնայ անփոփոխ, այսինքն` հարցը պէտք է տեղափոխուի ապագայ, ամրագրուի սթաթիւս քոն, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի միջեւ կապի կարելիութեան պարտադիր ստեղծումով, որուն համար կը նախատեսուէր ստեղծել այսպէս կոչուած Լաչինի միջանցք, այսինքն` կապի միջանցք Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ», բացատրած է նախագահը:

Ըստ անոր, գլխաւորը արիւնահեղութիւնը դադրեցնելն է: Մնացեալ հարցերը, ըստ Փութինի, երկրորդական են:

«Զինադադարի հասնելէ ետք յաջորդ փուլը պէտք է ըլլայ շրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատումը, տնտեսական ներուժի բացայայտումը», ըսած է Փութին:

«Ինչ կը վերաբերի Ղարաբաղի մէջ խաղաղապահներու թիւի յաւելման, ապա ատիկա կարելի է, սակայն միայն բոլոր կողմերուն հետ համաձայնութեան պարագային», աւելցուցած է Ռուսիոյ նախագահը:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/12/2020, 11:31