Ստեփանակերտի հիւանդանոցը Ստեփանակերտի հիւանդանոցը  

ՄԱԿ հաստատած է Լեռնային Ղարաբաղ առաքելութիւն ուղարկելու իր մտադրութիւնը։

ՄԱԿ յայտնած էր, որ շրջանի բնակիչներուն կարիքները գնահատելու համար առաքելութիւնը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ հասնի դեկտեմբերի սկիզբը

ՄԱԿ-ը կը պահպանէ Լեռնային Ղարաբաղ առաքելութիւն ուղարկելու իր մտադրութիւնը եւ բոլոր կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` համագործակցելու, որպէսզի ատիկա կարելի եղածին չափ շուտ ըլլայ: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան հարցումին ի պատասխան ըսած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբեր Սթեֆան Տիւժարիք:

Նախապէս ՄԱԿ յայտնած էր, որ շրջանի բնակիչներուն կարիքները գնահատելու համար առաքելութիւնը պէտք է Լեռնային Ղարաբաղ հասնի դեկտեմբերի սկիզբը, սակայն ատիկա տակաւին տեղի չէ ունեցած: «Ես չէի ըսեր, որ խոչընդոտներ կան: Մանրամասնութիւնները տակաւին կը մշակուին», ըսած է Տիւժարիք:

«Ինչպէս արդէն նշած եմ, մենք պատրաստ ենք բաւարարելու տագնապներէն վնասուած բոլոր անձերուն մարդասիրական կարիքները: ՄԱԿ-ի մարդասիրական հարցերու համակարգման գրասենեակի եւ այլ ստորաբաժանումներու մեր գործընկերները կ՛աշխատին բոլոր ներգրաւուած կողմերուն հետ` մարդասիրական կարիքներու անկախ գնահատումներ կատարելու», ըսած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի բանբերը:

Ան բոլոր կողմերուն կոչ ուղղած է համագործակցելու ՄԱԿ-ին հետ` առաքելութեան շուտափոյթ տեղակայումը դիւրացնելու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2020, 11:04