Քորոնավիրուս Քորոնավիրուս 

Աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակի պարագաներ կ՛արձանագրուին

Անցեալ շաբաթ «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակի գոյութեան մասին տեղեկութեան հրապարակումէն ետք աշխարհի տարածքին ճամբորդութեան արգելքներ հաստատուեցան:

«Քովիտ-19» ժահրի առաջին անգամ Բրիտանիոյ մէջ յայտնաբերուած աւելի վարակիչ նոր տարբերակի պարագաներ յայտնաբերուած են եւրոպական շարք մը երկիրներու, Քանատայի եւ Ճափոնի մէջ: Այս մասին հաղորդեց «Պի.Պի.Սի.»-ն:

Բրիտանիայէն եկած քաղաքացիներու մօտ վարակումներ յայտնաբերուած են Սպանիոյ, Զուիցերիոյ, Շուէտի եւ Ֆրանսայի մէջ:

Պաշտօնատարներ կը յայտնեն, որ Քանատայի Օնթարիօ նահանգին մէջ «Քորոնա»-ի նոր տարբերակով վարակուած ամոլին մասին ճամբորդութեան կամ վտանգաւոր հաղորդակցութեան մասին տեղեկութիւններ չկան:

Ճափոն այսօրուընէ սկսեալ կ՛արգիլէ երկրին մէջ չբնակող օտարահպատակներուն Ճափոն մուտք գործելը:

Բրիտանիայէն եկած հինգ ճամբորդներու մօտ վարակումի մասին տեղեկացնելէ ետք, Ճափոն հաղորդած է յաւելեալ հաստատ երկու պարագաներու մասին, որոնցմէ մէկը երկրին մէջ վարակուած է:

Անցեալ շաբաթ «Քորոնա» ժահրի նոր տարբերակի գոյութեան մասին տեղեկութեան հրապարակումէն ետք աշխարհի տարածքին ճամբորդութեան արգելքներ հաստատուեցան:

Նշենք, որ Յորդանանի առողջապահութեան նախարարը երէկ յայտարարեց, որ Յորդանանի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրի Բրիտանիոյ մէջ յայտնաբերուած նոր տեսակով վարակման երկու պարագաներ:

Քաղուած «Ազդակ »էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2021, 07:10