Լրագրողներ առանց սահմաններու: Լրագրողներ առանց սահմաններու: 

«2020-ին սպաննուած են 50 լրագրողներ». Լրագրողներ առանց սահմաններու:

Այս տարի եւս մեծ է թիւը սպաննուած լրագրողներուն մինչ այլ հարիւրաւոր լրագրողներ բանտարկուեցան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» ազդեցիկ ոչ կառավարական լրագրողներու միջազգային կազմակերպութիւնը՝ որ կը խթանէ եւ կը պաշտպանէ լրագրութեան ազատութիւնը, իր 2020-ին հրապարակած տեղեկագիրին մէջ կը հաստատէ թէ աշխարհի մէջ սպաննուած լրագրողներուն թիւը կը մնայ բարձր ու թէ 2020ին հասած է 50-ի։

«Լրագրողներ առանց սահմաններու»

«Լրագրողներ առանց սահմաններու» կազմակերպութիւնը հիմնադրուած է 1985 թուականին ։ Անոր առաքելութիւնն է ինչպէս նշեցինք՝ զանգուածային լրատուամիջոցներուն երաշխաւորել ազատութիւն  ապա լրագրողներուն եւ համացանցի օգտատէրերուն պաշտպանութիւն։ Կազմակերպութիւնը կը պայքարի ազատութիւն ապահովեցնելու  անազատութեան մէջ գտնուող լրագրողներուն, որոնք ազատազրկուած են իրենց մասնագիտական գործունէութիւնը կատարելու պատճառաւ եւ այս մէկը հենելով Մարդու Իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի 19-րդ յօդուածին վրայ։

Ճշմարտութիւնը որոնելը ու հրապարակելը ամէն մէկ լրագրողի պարտականութիւն

Ճշմարտութիւնը որոնելը ու հրապարակելը ամէն մէկ լրագրողի պարտականութիւնն է թէեւ ան շատ վտանգաւոր է որոշ երկիրներու մէջ, ուր չկայ խօսքի ազատութիւն։ 2020-ի տուեալներուն համաձայն  Մեքսիքայի մէջ արձանագրուած են սպաննուած լրագրողներու ամենաբարձր թիւը՝ 8 լրագրող, անոր կը յաջորդեն Հնդկաստանը եւ Փաքիստանը ուր արձանագրուած են համապատասխանաբար լրագրողներու չորս սպանութիւններ։ Ողբերգական այս ցանկը կը լրացնեն Ֆիլիփինեան կղզեխումբը եւ Հոնտուրասը ամէն մին երեք սպաննուած լրագրողներով։

Վայրագ սպաննութիւններ։

«Իրենց առաքելութիւնը կատարող ու գործի վրայ իրենց կեանքը կորսնցնող լրագրողներու սպանութիւնները շատ անգամ տեղի կ՛ունենան վայրագ միջոցներով» կը հաստատէ Լրագրողներ առանց Սահմաններու կազմակերպութիւնը նշելով որ սպաննուածներուն մէկ երրորդը կը զբաղուէր հետաքննող լրագրութեամբ:

Կազմակերպութիւնը  ապա ի յայտ կը դնէ թէ լրագրութեան ազատութեան խախտումները շատ աւելիով բարձրացան ի տես նաեւ առողջապահական ճգնաժամը դիմագրաւելու համար որդեգրուած արտակարգ դրոյթներուն դիտել տալով թէ բանտերուն մէջ գտնուող լրագրողներուն թիւը հասած է 400-ի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2021, 15:27