ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես  

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարը Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղէ` Մինսքի Խմբակի հովանաւորութեան տակ բանակցելու

Կութիերես կոչ ուղղեց «ընթանալու երկխօսութեան ճամբով` շրջանային խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում հաստատելու համար»:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին կոչ ուղղեց` «բանակցութիւնները վերսկսելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանաւորութեան տակ` հասնելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մնայուն խաղաղ լուծումի մը»:

Կութիերես իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ երկու երկիրներու կառավարութիւններուն ու ժողովուրդներուն կոչ ուղղեց «ընթանալու երկխօսութեան ճամբով` շրջանային խաղաղութիւն, կայունութիւն եւ բարգաւաճում հաստատելու համար»:

«ՄԱԿ-ը պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին տագնապէն ազդուած ժողովուրդներուն մարդասիրական կարիքները բաւարարելու», նշեց ան` կոչ ուղղելով «առնչակից կողմերուն հետ ամբողջական կերպով գործակցելու` օժանդակութիւններու ազատ մատակարարումը երաշխաւորելու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/12/2020, 08:08