Բժշկութիւնը Բժշկութիւնը 

Հայկական պատառիկներ 12: Պատմական Հայաստանի բժշկութինը եւ բուսաբուժութիւնը։

Բժշկութիւնը Հին Հայաստանի անբաժան մասն է եւ անոր արմատները կը հասնին դարերու խորքը՝ սնուելով ժողովրդական բժշկութեան ակունքներէն։
Ունկնդրէ լուրը

Պատմական Հայաստանի բժշկութեան եւ բուսաբուժութեան կը վերաբերի մեր այսօրուայ հաղորդումը, զոր երկու անգամով պիտի սփռենք․ նկատի առած նիւթին ծաւալը եւ ժամանակին սահմանափակումը։

Բժշկութիւնը Հին Հայաստանի անբաժան մասն է եւ անոր արմատները կը հասնին դարերու խորքը՝ սնուելով ժողովրդական բժշկութեան ակունքներէն։ Ուրարտական եւ աւելի վաղ շրջանի հնագիտական պեղումներու արդիւնքները կը վկայեն Հին Հայաստանի բժշկական արուեստի բարձր մակարդակի մասին։

Նախնադարեան հասարակութեան մէջ բժիշկները կիներ եղած են, այդ պատճառաւ առողջութեան պահպանման աստուածութիւնն ալ մարմնաւորուած է կնոջ կերպարին մէջ։

301․թ․-ին Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը դարձաւ պետական կրօն։ Հին հեթանոսական տաճարներու տեղը հիմնուեցան քրիստոնէական վանքեր, որոնց կողքին բացուեցան առաջին հիւանդանոցները։ Այսպէս հինգերորդ դարու պատմիչ Փաւստոս Բիւզանդը մեծ գովեստով կը խօսի Ներսէս Մեծ կաթողիկոսի շինարարական գործունէութեան մասին։ Ան կը պատմէ թէ ինչպէս Ներսէս Մեծ հայոց աշխարհի բոլոր կողմերը հիւանդանոցներ կառուցել տուաւ բորոտներու, հաշմանդամներու եւ ցաւագարներու համար։

Երրորդ դարուն Հայաստանի մէջ աղբիւրներու մօտ մասնաւոր հիւանդանոցներ կային բորոտներու համար։

Հայ ժողովրդական բժշկութիւնը, որ գրեթէ երեք հազար տարուայ պատմութիւն ունի, ստեղծած է դեղամիջոցներու հարուստ գանձարան։ Վաղնջական ժամանակներէն առանձնապէս մեծ համբաւ ունէին հայկական լեռնաշխարհի դեղաբոյսերը, որոնք կ՚արտահանուէին արեւելքի եւ արեւմուտքի երկիրներ եւ տեղ գտած էին հնագոյն դեղագիտարաններուն մէջ։ Հայ պատմիչները բազմաթիւ ուշագրաւ տեղեկութիւններ հաղորդած են հին հայկական բժշկութեան մասին։ Հայաստանի բուժիչ բոյսերը մեծ խնամքով կ՚աճեցուէին յատուկ պարտէզներու մէջ, որոնք հիմնուած էին դեռեւս Արտաշէս թագաւորի նախաձեռնութեամբ։ Այս մասին գովեստով կը գրէ չորրորդ դարու պատմիչ Թովմաս Արծրունին։

Այլ տեղեկութիւններու համաձայն՝ Պոնտոսի թագաւոր Միհրդատը՝ հին աշխարհի ականաւոր բժիշկը, իր հռչակաւոր հակաթոյնը կը պատրաստէր Հայաստանի դեղաբոյսերու որոշ տեսակներէ։ Այդ հրաշալի բուժիչ դեղաբոյսերու պաշտամունքի հեռաւոր արձագանքները պահպանուած են հայ բանահիւսութեան մէջ։

Մեծ համբաւ ունէին վաղեմի հանքային դեղամիջոցները՝ հայկական կաւը, հայկական քարը, հայկական բորակը, ինչպէս նաեւ սնդիկի, երկաթի, ցինկի միացութիւնները, որոնք Հայաստանէն կ՚արտահանուէին հարեւան երկիրներ։

Հայ եւ օտար հեղինակներու վկայութեամբ Հին Հայաստանը յայտնի էր պղինձի, երկաթի եւ արճճի հանքերով։ Դէպի Վանալիճի եզերքը երկարող Ռշտունեաց լեռները, ինչպէս կը վկայէ Փաւստոս Բիւզանդը, իրարու կապուած էին երկաթայատներու եւ կապարայատներու լեռներով։ Այսպիսի հանքեր կային նաեւ Սասնայ լեռներուն մէջ։

Հին հայկական դեղանիւթերու շտեմարանին մէջ յատուկ տեղ ունէին սնդիկի միացութիւնները, ինչպէս նաեւ կարմիր ներկը, որոնք կ՚արդիւնահանուէին Հայաստանէն։

Բուսականէն եւ հանքայինէն բացի, հայ բժշկութեան մէջ օգտագործուած են նաեւ կենդանական ծագում ունեցող դեղամիջոցներ, օգտագործելով կենդանիներու օրկանէն ու հիւսուածքէն, որոնց մէկ մասը օժտուած էր խմորիչ յատկութիւններով։ Այս վերջիններու թուին կը պատկանին սեռական գեղձերու, ուղեղի, լիարդի, փայծաղի մզուածքները, որոշ կենդանիներու լեղին։

Հինգերորդ դարու սկզբին Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց ստեղծեց հայոց այբուբենը, որով եւ հայ մատենագրութեան հիմը դրուեցաւ։ Պատմափիլիսոփայական երկերու կողքին՝ իրենց պատուաւոր տեղը գրաւեցին բժշկութեան վերաբերող աշխատութիւնները։

Հայ դասական բժշկութիւնը իր զարգացման արշալոյսին կրած է Հելլենական մշակոյթի բարերար ազդեցութիւնը։

Ութերորդ դարու սկիզբը հայ ականաւոր գիտնական Ստեփանոս Սիւնեցին, Դաւիթ Հիպատոսի հետ միասին թարգմանած են չորրորդ դարու յոյն բնափիլիսոփաներու աշխատութիւնները, որոնց մէջ Պլատոնի, Արիստոտելի եւ Քայանոսի ոգիով՝ քննուած են մարդակազմութեան, մարդու կենսաբանութեան եւ հոգեբանութեան վերաբերող հարցեր, որոնք լայն ճանաչում գտած են միջնադարեան հայ բժշկութեան մէջ։ Անոնց ազդեցութեան հետքերը որոշակիօրէն կ՚երեւին Գրիգոր Տաթեւացիի եւ այլ հայ բնափիլիսոփաներու եւ բժիշկներու երկերուն մէջ։

Միջնադարեան հայ բժշկապետերը, լրջօրէն ուսումնասիրելով հնադարեան բժշկութեան դասականներու աշխատութիւնները, անոնց տեսանկիւնէն վերլուծած եւ մշակած էին հայ ժողովրդական բժշկութեան աւանդները։ Միայն եօթներորդ դարուն սկսան հանդէս գալ հայ բժիշկներու գործերը, որոնք հիմնականին մէջ նուիրուած էին հիւանդութիւններու դեղային բուժման հարցերուն, որոնց մէջ յունական ազդեցութենէ բացի, աստիճանաբար կը նկատուէր նաեւ արաբական մշակոյթի ազդեցութիւնը։ Սակայն հայոց լեզուով ուրոյն՝ բժշկական երկի ստեղծումը յետաձգուեցաւ արաբական աշխատանքներու հետեւանքով, որոնք ութերորդ դարուն հայ մշակոյթի ընդհանուր անկման պատճառը հանդիսացան։

Խմբագրեց՝ Սօսէ Փիլաւճեան

Հաղորդավար՝ Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/12/2020, 07:25