Նաշվիլի պայթումի հետեւանքները Նաշվիլի պայթումի հետեւանքները 

Հետաքննիչները հաւանական կը նկատեն, որ Նաշվիլի պայթումը անձնասպանական գործողութիւն էր

Նաշվիլի քաղաքապետը յայտնած էր, որ տեղեկութիւններու համաձայն, պայթումը ականի օգտագործումով դիտաւորեալ արարք մըն է` աւելցնելով, որ ատոր նպատակը «տօնական շրջանին քաոս ստեղծել»-ն էր:

Ամերիկացի հետաքննիչներու կարծիքով` Նաշվիլի մէջ արձանագրուած պայթումը անձնասպանական գործողութիւն էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Սի.Էն.Էն.» պատկերասփիւռի կայանը:

Ոստիկանութեան ու «Էֆ.Պի.Այ.»-ի անդամները Նաշվիլ քաղաքին մէջ կը փնտռեն փաստեր` ճշդելու համար, թէ փոխադրելի տուն մը ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ պայթեցաւ` վիրաւորելով երեք անձեր եւ տասնեակ շէնքեր վնասելով:

Նաշվիլի քաղաքապետը յայտնած էր, որ տեղեկութիւններու համաձայն, պայթումը ականի օգտագործումով դիտաւորեալ արարք մըն է` աւելցնելով, որ ատոր նպատակը «տօնական շրջանին քաոս ստեղծել»-ն էր:

Յայտնենք, որ պայթումը տեղի ունեցած էր կաթողիկէ Ս. Ծնունդի օրը: Քաղաքի իշխանութիւնները արտակարգ դրութիւն եւ կրակմար յայտարարեցին, ինչպէս նաեւ քաղաքին վերեւ թռիչքները արգիլեցին` քաղաքին մէջ ապահովութիւն հաստատելու համար:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/12/2021, 07:00