Արամ Ա. Վեհափառը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» Արամ Ա. Վեհափառը այցելեց «Թռչնոց Բոյն» 

Արամ Ա. Վեհափառը այցելեց «Թռչնոց Բոյն»

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ վեհափառ հայրապետները միշտ յատուկ հոգածութեան առարկայ դարձուցած են «Թռչնոց Բոյն»ը։

ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 18 Դեկտեմբերին, «Թռչնոց Բոյն»ի մանուկներուն մեծ ուրախութիւն պատճառեց Արամ Ա. կաթողիկոսին անակնկալ այցելութիւնը։ Շուրջ ժամ մը վեհափառը «Թռչնոց Բոյն»ի աշակերտներուն հետ եղաւ, իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց անոնց, ինչպէս նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց տնօրէն հայր սուրբին՝ Տաճատ վրդ. Աշըգեանին եւ պաշտօնէութեան։

Մեր ժողովուրդին համար սովորական որբանոց ըլլալէ անդին, «Թռչնոց Բոյն»ը յատուկ նշանակութիւն ունեցող հաստատութիւն մըն է։ Մեր ժողովուրդի զաւակներուն հաւաքական յիշողութեան մէջ, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, խոր արմատներ նետած է «Թռչնոց Բոյն»ը, որովհետեւ հոն պատսպարուած են ցեղասպանութեան զոհ դարձած ընտանիքներու հազարաւոր որբերը։

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ վեհափառ հայրապետները միշտ յատուկ հոգածութեան առարկայ դարձուցած են «Թռչնոց Բոյն»ը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/12/2020, 07:50