Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ահմատ Ալ Թայըպ Իմամը Ֆրանչիսկոս Պապը եւ Ահմատ Ալ Թայըպ Իմամը 

4 Փետրուարը ՄԱԿ-ի մօտ «Մարդկային Եղբայրութեան» օր։

Օրը կը յիշատակէ 2019-ի չորս փետրուարին Ապու Տապիի մէջ «Համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթի» ստորագրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

ՄԱԿ-ը  յատուկ մէկ բանաձեւով մը 4 փետրուարը յայտարարեց «Մարդկային եղբայրութեան համաշխարհային օր»։  Օրը կը յիշատակէ Ֆրանչիսկոս Պապին եւ Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայիպին 2019-ի չորս փետրուարին Ապու Տապիի մէջ ստորագրուած «Համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան Մարդկային Եղբայրութեան փաստաթուղթը»  որ կը հրաւիրէ «բոլոր մարդիկը՝ որոնք իրենց սրտին մէջ կը կրեն Աստուծոյ հաւատքը ու հաւատք մարդկային եղբայրութեան մէջ միանալու եւ աշխատելու միասին»։

Հաւատքը հաւատացեալը կը մղէ միւսին մէջ տեսնելու եղբայր մը, որուն պէտք է աջակցիլ եւ սիրել։

«ՄԱԿ-ի ընդհանուր Ժողովը սոյն բանաձեւը որդեգրեց,  որպէսզի վերանորոգելով համագործակցութիւնը եւ խթանելով կրօններու միջեւ փոխյարաբերութիւնը եւ միջ մշակութային երկխօսութիւնը, սատարէ պայքարելու համար Քովիտ-19 ժահրի համաճարակին դէմ եւ դիմագրաւելու համար համաշխարհային մարտահրաւէրները», գրուած է ՄԱԿ-ի կողմէ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Ընդունելով վերոնշեալ բանաձեւը ՄԱԿը հրաւէր ուղղած է նաեւ բոլոր պետութիւններուն խթանելու միջկրօնական եւ միջմշակութային երկխօսութիւնը, եւ Օրը նշելու՝ շարունակելով հանդիսանալ խաղաղութեան մշա կոթի խթանողներ, քաջալերելով կայուն զարգացումը, հանդուրժողականութիւնը, ընդելուզումը, փոխադարձ հասկացողութիւնն ու զօրակցութիւնը համայն աշխարհի մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2020, 11:50