Հայաստանի եւ Արցախի մէջ. Դեկտեմբեր 19-էն կը յայտարարուի եռօրեայ սուգ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ. Դեկտեմբեր 19-էն կը յայտարարուի եռօրեայ սուգ 

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ. Դեկտեմբեր 19-էն կը յայտարարուի եռօրեայ սուգ

Դեկտեմբերի 19-ին լրանում է ռազմական գործողութիւնների աւարտի 40-րդ օրը: Եւ այս կապակցութեամբ դեկտեմբերի 19-ից ՀՀ-ում եռօրեայ սուգ կը յայտարարուի, նաեւ կը կազմակերպուի յիշատակի երթ՝ Հանրապետութեան հրապարակից դէպի Եռաբլուր
Ունկնդրէ լուրը

Հայաստանի եւ Արցախի մէջ 19 դեկտեմբերէն պիտի յայտարարուի եռօրեայ սուգ, պատերազմի նահատակներու յիշատակին նուիրուած արարողութիւններ պիտի կազմակերպուին:

«Արմէնբրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը:

«Դեկտեմբերի 19-ին լրանում է ռազմական գործողութիւնների աւարտի 40-րդ օրը: Եւ այս կապակցութեամբ դեկտեմբերի 19-ից ՀՀ-ում եռօրեայ սուգ կը յայտարարուի, նաեւ կը կազմակերպուի յիշատակի երթ՝ Հանրապետութեան հրապարակից դէպի Եռաբլուր»,- դիմատետրի ուղիղ եթերի ժամանակ ըսած է ՀՀ վարչապետը:

Երկրին մէջ պիտի ըլլան նաեւ յիշատակի այլ միջոցառումներ:

Վարչապետը նշած է՝ այդ օրուայ դրութեամբ հաւանական է, որ  ոչ բոլոր նահատակներու մարմինները յայտնաբերուած ըլլան: «Կ'ունենանք չճանաչուած բազմաթիւ մարմիններ, բայց պետական այս կարգի որոշումը, կարծում եմ, այլեւս չի կարելի յետաձգել»,-ըսած է Փաշինեանը:

Վարչապետը կրկին հաւաստիացուցած է, որ մարմիններու որոնման, ճանաչման, անհետ կորածներու գտնուելու վայրի պարզաբանման աշխատանքները աւելի աշխոյժ կը դառնան:

Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանն ալ դիմատետրի իր էջին գրած է. «Յարգելի՛ հայրենակիցներ, հաշուի առնելով, որ դեկտեմբերի 19-ին լրանում է 44-օրեայ պատերազմի զինադադարի 40-րդ օրը՝ ՀՀ վարչապետի հետ պայմանաւորուել ենք Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններում այդ օրուանից յայտարարել եռօրեայ սուգ՝ ոգեկոչելու Հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած մեր նահատակների յիշատակը:

Նրանց անունները յաւէտ մնալու են մեր սրտերում եւ հայոց պատմութեան էջերում՝ պարտաւորեցնելով մեզ հետագայ երթում շարունակել նրանց հայրենանուէր գործը: Ուստի, այն լինելու է ցաւի, հպարտութեան ու պարտաւորութեան սուգ հայ ազգի համար»:

Քաղուած Արեւելք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2020, 11:19