Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել 

Եւրոպական Միութիւն. «Անհրաժեշտ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ բանակցութիւններուն»

Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է ուշադիր հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին համաձայնութիւններու կէտերու կատարման, յատկապէս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հսկողութեան կեդրոնի աշխատանքին:

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարած է, որ անհրաժեշտ է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ վերսկսիլ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակին շուրջ քաղաքական բանակցութիւններուն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ:

«Եւրոպական Միութիւնը կը կարծէ, որ անհրաժեշտ է վերսկսիլ ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային, համապարփակ եւ կայուն լուծման ուղղութեամբ, ներառեալ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի, որ Եւրոպական Միութիւնը մտադիր է ուշադիր հետեւիլ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի մասին համաձայնութիւններու կէտերու կատարման, յատկապէս Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հսկողութեան կեդրոնի աշխատանքին:

Պորել նաեւ յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ` ղարաբաղեան տագնապի գօտիէն դուրս բերելու բոլոր օտարերկրացի զինեալները` խնդրելով «շրջանային կողմերէն ձեռնպահ մնալ որեւէ գործողութենէ կամ հռետորաբանութենէ, որ կրնայ սպառնալիքի տակ դնել զինադադարը»:

Միւս կողմէ, Եւրոպական յանձնաժողովը յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը արտակարգ օգնութիւն ցուցաբերելու համար երեք միլիոն եւրօ յատկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով վնասուած բնակչութեան:

«Եւրոպական յանձնաժողովը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին պատճառով առաւել վնասուած քաղաքային անձերու կենսական անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերելու համար յայտարարած է մարդասիրական աջակցութեան համար լրացուցիչ երեք միլիոն եւրօ յատկացնելու մասին», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

Կը նշուի նաեւ, որ այդ ֆինանսաւորումը կը կատարուի ի յաւելումն հոկտեմբերի սկիզբէն տրամադրուած 900 հազար եւրոյին:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2020, 07:25