Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: 

Թուրքիա Մինսկի խմբակի համանախագահներու կազմին մէջ պիտի չներառուի. Լաւրով

Արցախի կարգավիճակը պիտի որոշուի շրջանի բոլոր դասակարգերու բնակիչներու իրաւունքներուն յստակացումէն ետք:

ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի եռեակ համանախագահներու կազմը, որուն մաս կը կազմեն Ռուսիա, Միացեալ Նահանգները ու Ֆրանսա, ծրագրուած չէ ընդլայնել, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:

«Մենք մնայուն կապի մէջ ենք, երէկ ես զրուցեցի Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի հետ: Աշխատակիցները կը հաղորդակցին ամերիկացի ներկայացուցիչներուն հետ», նշեց Լաւրով:

Ան աւելցուց, որ յաջորդ շաբաթ Մոսկուայի մէջ Մինսկի խմբակի միւս համանախագահներուն հետ հանդիպում նախատեսուած է:

«Մենք անոնց մանրամասնօրէն պիտի տեղեկացնենք, թէ ինչպէ՛ս մենք կը տեղակայենք խաղաղապահ ուժերը: Հաւանական է, որ խորհրդակցինք այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կրնան նպաստել խաղաղ կեանքի հաստատման` նկատի ունենալով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ եւ անոր շուրջ բոլոր ազգային-կրօնական համայնքներու իրաւունքները», բացատրեց Ռուսիոյ նախագահը:

Լաւրով յստակացուց, որ Թուրքիա պիտի չներառուի Մինսկի խմբակի համանախագահներու խումբին մէջ:

Ան յայտնեց, որ Արցախի կարգավիճակը պիտի որոշուի շրջանի բոլոր դասակարգերու բնակիչներու իրաւունքներուն յստակացումէն ետք:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2020, 08:53