Ֆրանսայի ազգային խորհդարանը Ֆրանսայի ազգային խորհդարանը 

Ֆրանսայի ծերակոյտը ընդունեց Արցախի հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը

Ֆրանսացի ծերակուտականները Ծերակոյտի նախագահի յայտարարութիւնը ընդունեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Ֆրանսայի Ծերակոյտը 305 թեր, 1 դէմ եւ 30 ձեռնպահ քուէներով որդեգրեց Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչնալու անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւի նախագիծը: Ծերակոյտի գրեթէ բոլոր քաղաքական ուժերը զօրակցեցան բանաձեւին:

Ֆրանսացի ծերակուտականները Ծերակոյտի նախագահի յայտարարութիւնը ընդունեցին յոտնկայս ծափահարութիւններով:

Ծերակոյտը բանաձեւով կառավարութեան կոչ կ՛ուղղէ` ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը եւ այդ ճանաչումը բանակցութիւններու գործիք դարձնելու կայուն խաղաղութեան հաստատման համար:

Ծերակուտականները բանաձեւով նաեւ Ֆրանսայի կառավարութենէն կը խնդրեն զանգուածային մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերել Ղարաբաղի բնակչութեան, կը պահանջեն մարդասիրական միջանցքներ բանալ եւ Ղարաբաղի մէջ կատարուած զինուորական յանցագործութիւններու միջազգային հետաքննութիւն սկսիլ:

Բանաձեւը ինքնին իրաւական ուժ չունի, անիկա խորհրդատուական բնոյթի փաստաթուղթ է: Արցախի ճանաչման վերջին խօսքը կը պատկանի Ֆրանսայի կառավարութեան:

Բանաձեւը Ծերակոյտի քննարկման ներկայացուած էր 18 նոյեմբերին Ծերակոյտի խմբակցութիւններու անդամ հինգ ծերակուտականներու` Պրիւնօ Ռեթայլոնի (հանրապետականներու ղեկավար), Փաթրիք Քանների, Էրվէ Մարսելի (Կեդրոնի միութիւն խումբի ղեկավար), ինչպէս նաեւ Էլիան Ասասիի եւ Կիոմ Կոթարի կողմէ:

Յիշեցնենք, որ հոկտեմբերի կիսուն Լեռնային Ղարաբաղը ճանչնալու մասին նախագիծ ներկայացուած էր նաեւ խորհրդարան, այսինքն` Ֆրանսայի խորհրդարանի ստորին պալատ:

Երկու օրինագիծերն ալ կ՛առաջարկեն ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը` 27 սեպտեմբերին զինուորական յարձակումի սկսած Ազրպէյճանի կողմէ պատերազմի սպառնալիքէն Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան պաշտպանելու համար:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2020, 08:50