ROTARY CLUB BEIRUT CEDARS ROTARY CLUB BEIRUT CEDARS 

ROTARY CLUB BEIRUT CEDARS կազմակերպութիւնը Մեսրոպեանին նուիրեց 20 TABLET-ներ

Նուէր ստացուած Amazon Fire Hd10 բարձրորակ tablet-ները ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն Մեսրոպեանի մէջ առցանց դասերու պահանջներուն եւ նախատեսուած են բազմամեայ օգտագործման համար:

Գոհունակութեամբ կ՛ուզենք տեղեկացնել, որ Rotary Club Beirut Cedars կազմակերպութիւնը, շարունակելով իր օգնութիւնըՀայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին, վարժարանին նուիրեց 20 tablet-ներ, որոնք պիտի տրամադրուին վարժարանի աշակերտներուն՝ առցանց դասերուն համար օգտագործուելու նպատակով:

Tablet-ներու յանձնման առիթով տեղի ունեցաւ համաձայնագրի ստորագրութիւն՝  Rotary Club Beirut Cedars-ի նախագահ պարոն Յակոբ Տանձիկեանի եւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի միջեւ: Պարոն Տանձիկեան գնահատեց Մեսրոպեանի տնօրէնութեան հետեւողական ջանքերը՝  ուղղուած ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ կրթութեան գործը անխափան շարունակելուն եւ կարիքաւոր աշակերտներուն համար զանազան ծրագիրներու գործադրութեան: Պարոն Գալուստ իր հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Տանձիկեանի ղեկավարած կազմակերպութեան՝ Մեսրոպեանին տրամադրուող շարունակական օգնութեան համար: 

Նուէր ստացուած Amazon Fire Hd10 բարձրորակ tablet-ները ամբողջութեամբ կը համապատասխանեն Մեսրոպեանի մէջ առցանց դասերու պահանջներուն եւ նախատեսուած են բազմամեայ օգտագործման համար:

Ասիկա Rotary Club Beirut Cedars-ի առաջին օգնութիւնը չէ Մեսրոպեանին. ընդառաջելով տնօրէնութեան խնդրանքին, երկու ամիս առաջ, Պէյրութի պայթումին հետեւանքները վերացնելու ծիրին մէջ կազմակերպութիւնը վարժարանին նուիրեց 12 laptop-ներ, որոնք նախատեսուած են գործածուելու առցանց դասերուն համար՝ ուսուցիչներուն կողմէ եւ 3 սեղանի համակարգիչներ:

ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/11/2020, 07:00