Մարոնիներուն Ռաի Պատրիարքը Մարոնիներուն Ռաի Պատրիարքը 

Թրիփոլիի մէջ. «Լիբանան պատգամի եւ ազգային համերաշխութեան երկիր Է» շեշտեց Ռայի պատրիարքը

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ռայի պատրիարքը ողջունեց Թրիփոլիի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կատարուող այս այցելութիւնը, որուն ընթացքին պիտի կատարուի Թրիփոլիի մէջ չորս փողոցներու անուանումը. անոնք պիտի կրեն մարոնի համայնքի չորս առաջնորդներու անուններ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ այցելեց Թրիփոլի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Թրիփոլիի քաղաքական, ընկերային, տնտեսական, մշակութային եւ ապահովական հեղինակութիւններուն հետ:

Հանդիպումը տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ, ուր Ռայի պատրիարքը ողջունեց Թրիփոլիի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ կատարուող այս այցելութիւնը, որուն ընթացքին պիտի կատարուի Թրիփոլիի մէջ չորս փողոցներու անուանումը. անոնք պիտի կրեն մարոնի համայնքի չորս առաջնորդներու անուններ:

Այս առիթով Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ Լիբանան պատգամի եւ ազգային համերաշխութեան երկիր է: Աշխարհի վրայ գտնուող այն երկիրները, որոնք կրօնի պատճառով բախումներ կ՛ունենան, պէտք է առաջնորդուին Լիբանանի մէջ տիրող համակեցութեան օրինակով:

Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւնները անդրադառնան Լիբանանի կարեւորութեան եւ Լիբանանի կառավարութեան տագնապը լուծեն, որպէսզի կարելի ըլլայ ինքնաբերաբար լուծել տարբեր մարզեր յուզող շարք մը խնդիրներ:

Միւս կողմէ, Զահիրիէի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ արտասանած իր քարոզին ընթացքին Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ անընդունելի է, որ քաղաքական որոշ ուժ մը կառավարութեան վրայ իր իշխանութիւնը բանեցնէ եւ անոր նախարարներուն ինքնութիւնը ճշդէ, մինչդեռ քաղաքական այլ ուժեր լուսանցքայնացուին:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց իշխանութեան վերջ տալու հակասահմանադրական արարքներուն` աւելցնելով, որ ժամանակը հասած է, որ պարկեշտ դատական իշխանութիւնները իրենց խօսքը ունենան: «Մենք եւ ժողովուրդը արդարութիւն կը պահանջենք: Անհրաժեշտ է բացայայտել Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին ծալքերը, ինչպէս նաեւ բացայայտել փտածութիւնն ու իսկական փտածները», նշեց ան:

Ռայի պատրիարքը պահանջեց նաեւ, որ հետաքննութիւնը ներառէ պետութեան եւ քաղաքացիներուն գումարները իւրացուցած բոլոր հաստատութիւնները:

«Կը ցաւինք, որ Թրիփոլի վերածուի աղքատներու քաղաքին, եւ կը պահանջենք, որ լիբանանեան պետութիւնը արդար կերպով վարուի այս շրջանին հետ», ըսաւ Ռայի պատրիարքը:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2020, 08:24