Քեպեքի մէջ անծանօթ մը սուրով յարձակում կը գործէ Քեպեքի մէջ անծանօթ մը սուրով յարձակում կը գործէ 

Քեպեքի մէջ անծանօթ մը սուրով յարձակում կը գործէ` պատճառելով զոհեր ու վիրաւորներ

Յանցագործին ինքնութիւնը ցարդ չէ յայտարարուած` սպասելով հետաքննութեանց աւարտին:

Անծանօթ մը նախանցեալ օր ճափոնական Քաթանա սուրը յիշեցնող գործիքով անակնկալ յարձակում գործեց Քանատայի Քեպեք քաղաքի մէկ թաղամասին մէջ` պատճառելով երկու զոհ եւ հինգ վիրաւոր: Ըստ «Սի. Պի. Սի.» լրատուական կայանին, ձերբակալեալ 24-ամեայ յանցագործին հետ նախնական հարցաքննութիւններէն կը հետեւցուի, թէ ան պատահականօրէն հարուածած է իր զոհերը եւ թէ որեւէ կապ կամ առնչութիւն չունի ահաբեկչական խմբաւորումներու հետ:

Յանցագործը դարմանումի կ՛ենթարկուի քանատական հիւանդանոցի մը մէջ: Անոր ինքնութիւնը ցարդ չէ յայտարարուած` սպասելով հետաքննութեանց աւարտին:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/11/2020, 08:30