Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի Ֆոնէթոն Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի Ֆոնէթոն 

Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի Ֆոնէթոնին հանգանակուեցաւ 2․1 միլիոն Եուրօ

Ֆոնէթոնը չի սահմանափակուիր միայն այս չորս օրերով եւ հանգանակային արշաւը կը շարունակուի։

Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Ֆրանսայի մասնաճիւղին՝ Հայկական հիմնադրամի հանգանակութեան տարեկան արշաւին՝ Ֆոնէթոնին, ընթացքին կատարուած է 2․1 միլիոն եուրոյի խոստում, ինչ որ 2019-ի Ֆոնէթոնին բաղդատմամբ 91 տոկոսով աճ մըն է։ Այս մասին կը տեղեկացնէ
«Նոր Յառաջ»-ը։

Ֆոնէթոն-2020-ը, որ տեղի ունեցաւ 19-22 Նոյեմբերին, նպատակ ունէր Արցախի դէմ շղթայազերծուած պատերազմէն տեղահանուածներու վերադարձին, անոնց կարիքները դիմագրաւելու եւ Արցախի վերակառուցման համար միջոցներ հանգանակել։

Նշենք, որ Ֆոնէթոնը չի սահմանափակուիր միայն այս չորս օրերով եւ հանգանակային արշաւը կը շարունակուի։

Դրամահաւաքին այս տարուան հովանաւորն էր  հանրածանօթ դերասան Սիմոն Աբգարեան։

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2020, 07:34