Օհանեան-Գէորգեան այցելեց Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը եւ Եգիպտահայ գաղութի այլ կառոյցներ Օհանեան-Գէորգեան այցելեց Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը եւ Եգիպտահայ գաղութի այլ կառոյցներ 

Օհանեան-Գէորգեան այցելեց Աղեքսանդրիոյ Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանը եւ Եգիպտահայ գաղութի այլ կառոյցներ

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ Հայ կաթողիկէ քոյրերու Սրբուհի Ռիթա դպրոցը, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի քոյր Ռիթա Զաւարեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Եգիպտոս կատարած իր այցելութեան ընթացքին այցելեց նաեւ Ս. Թերեզ եկեղեցի, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Գրիգոր Իգնատիոս եպս. Գուսանի հետ:

Վ. Օհանեան-Գէորգեանը դիմաւորեց Եգիպտոսի մէջ Լիբանանի դեսպան Ալի Հալապի, ինչպէս նաեւ` Եգիպտոսի մէջ Հայաստանի դեսպան Կարէն Գրիգորեանի ներկայացուցիչ` Հայաստանի հիւպատոս Ռաֆայէլ Մովսիսեան:

Եկեղեցւոյ մուտքին նախարար Օհանեան-Գէորգեան դիմաւորուեցաւ Ապուլ Հաուլի սկաուտական փողերախումբով, ապա ներկաները իսկոյն մուտք գործեցին եկեղեցի, ուր կատարուեցաւ գոհաբանական աղօթք եւ մոմավառութիւն:

Գոհաբանական աղօթքէն ետք Վ. Օհանեան-Գէորգեան յորդորեց սկաուտները իրենց սկաուտական կեանքը ապրելու հայրենիքին եւ ընկերութեան հանդէպ սիրով եւ նուիրումով:

Երեկոյեան Գուսան առաջնորդը ընթրիք մը սարքեց ի պատիւ նախարար Օհանեան-Գէորգեանին: Ընթրիքին ներկայ գտնուեցան նաեւ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան յանձնախումբերուն ներկայացուցիչները:

Ընթրիքին ընթացքին Գրիգոր Իգնատիոս Գուսան առաջնորդը ողջունեց ներկաները եւ յաջողութեան բարեմաղթութիւններ ուղղեց նախարար Օհանեան-Գէորգեանին: Առաջնորդը Լիբանանին մաղթեց ապահովութիւն, խաղաղութիւն եւ կայունութիւն:

Գուսան առաջնորդը նախարար Օհանեան-Գէորգեանին նուիրեց Հայոց ցեղասպանութեան մասին գիրք մը` արժեւորելով երիտասարդութեան մատուցած իր ծառայութիւնները:

Այս առիթով Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդին, դիւանագիտական ներկայացուցիչներուն եւ բոլոր ներկաներուն` իրեն հանդէպ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար: Ան ընդգծեց Լիբանանի կողմէ 2022-ին, Արաբական սկաուտական 30-րդ խորհրդաժողովն ու Արաբական երիտասարդական-սկաուտական 5-րդ համագումարը հիւրընկալելու կարեւորութիւնը` աւելցնելով, որ այդ նպատակով արդէն իսկ կազմակերպական աշխատանքները պիտի սկսի ապահովելու համար զոյգ ձեռնարկներուն յաջողութիւնը:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան մաղթեց, որ Լիբանան դուրս գայ իր դիմագրաւած ծանր տագնապէն եւ վերականգնէ իր կարեւոր դերակատարութիւնը` արաբական եւ միջազգային առումով:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան շնորհակալութիւն յայտնեց եգիպտացի ժողովուրդին եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք լիբանանցիներուն տրամադրուած օժանդակութիւններուն համար:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ Հայ կաթողիկէ քոյրերու Սրբուհի Ռիթա դպրոցը, ուր ան հանդիպում մը ունեցաւ դպրոցի տնօրէնուհի քոյր Ռիթա Զաւարեանի եւ այլ պատասխանատուներու հետ:

Քոյր Ռիթա Զաւարեան նախարար Օհանեան-Գէորգեանին ներկայացուց դպրոցը` անոր հիմնադրութենէն մինչեւ օրս: Ան  անդրադարձաւ կրթական մարզին մէջ դպրոցին ծաւալած աշխատանքին եւ առաքելութեան, ինչպէս նաեւ` այն արժէքներուն եւ սկզբունքներուն, որոնց համաձայն կը դաստիարակուին նորանոր սերունդները:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ծանօթացաւ նաեւ դպրոցին ներառած ամերիկեան վկայական տրամադրող յատուկ բաժինին:

Այցելութեան աւարտին քոյր Ռիթա Զաւարեան նախարար Օհանեան-Գէորգեանին նուիրեց Անարատ յղութեան միաբանութեան շքանշանը:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան այցելեց «Յուսաբեր Արարատ» կեդրոն, ուր ընդունուեցաւ Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Արմէն Մազլումեանի եւ այլ պատասխանատուներու կողմէ:

Քննարկուեցան եգիպտահայ համայնքին վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ Հայ դատին նպաստող աշխատանքները:

Ապա երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը հանդիպում մը ունեցաւ Արարատ միութեան սկաուտներուն հետ:

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան այցելեց նաեւ Ազգային Նուպարեան վարժարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ տնօրէնութեան եւ աշակերտութեան հետ:

Երկրորդականի աշակերտները նախարար Օհանեան-Գէորգեանի հետ ունեցան զրոյց մը, որուն ընթացքին անդրադարձան Արցախի ներկայ իրավիճակին, լիբանանահայութեան կազմակերպած դրամահաւաքին, ինչպէս նաեւ Լիբանանի ու  յատկապէս հայկական վարժարաններու դիմագրաւած դժուարութիւններուն:

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը այցելեց նաեւ ՀԲԸՄ-ի Գահիրէի կեդրոն, ուր ան ծանօթացաւ վարչութեան եւ անոր ծաւալած գործունէութեան:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/11/2020, 09:28