Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը 

Լաւրով. «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի միջնորդութեան բոլորին կողմէ ճանչցուած ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութիւնն է»

Լաւրով այս մասին ըսաւ «Քոմերսանթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով կարելի կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման ուղղութեամբ հակամարտող կողմերուն հետ աշխատանքներ իրականացնելը, սակայն կը նշէ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրի լուծման բոլորին կողմէ ճանչցուած ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափն է: Լաւրով այս մասին ըսաւ «Քոմերսանթ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին:

Ունկնդրէ լուրը

«Համանախագահներու եռեակը կը հանդիսանայ միջնորդութեան բոլորին կողմէ ճանչցուած ձեւաչափը, որուն նպատակն է յաղթահարել այդ վաղեմի տագնապը: Այդ առնչութեամբ Մոսկուայի մէջ ազրպէյճանցի եւ հայ գործընկերները 10 հոկտեմբերին տեղի ունեցած հանդիպումին հիմամբ որդեգրուած միացեալ յայտարարութեան մէջ հաստատած են բանակցային ձեւաչափի անփոփոխելիութիւնը», ըսաւ Լաւրով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ Մոսկուան ինչպէ՞ս կը վերաբերի Ղարաբաղի հարցով բանակցային նոր ձեւաչափի ստեղծման գաղափարին, որուն պիտի մասնակցին Հայաստանը, Ռուսիան, Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը:

Լաւրով նշեց, որ Ռուսիան, այնուամենայնիւ, կը զօրակցի այն գաղափարին, թէ կարելի է աշխատիլ բոլոր գործընկերներուն հետ, ներառեալ հակամարտող կողմերուն դրացիները, որոնք կարելիութիւն ունին ազդելու եւ պայմաններ ստեղծելու եռանախագահներու կողմէ լուծման, Պաքուի եւ Երեւանի հետ հաղորդակցութիւններու ընթացքին ներկայացուող հիմնարար սկզբունքներու հիման վրայ քաղաքական-դիւանագիտական ճամբով լուծման հասնելու:

Ռուսիոյ դիւանագիտութեան պետը նշեց, որ Մոսկուան ու Անգարան սերտ գործընկերներ են, որոնք ունակ են ճկուն, գործնապաշտ մօտեցում ցուցաբերելու եւ իրարու հետ համագործակցելու ռազմավարական տեսլականով:

Լաւրովի համաձայն, ռուս եւ թուրք դիւանագէտներու, զինուորներու եւ գաղտնի սպասարկութիւններու գործնական եւ առարկայական փոխադարձ գործակցութեան ակնառու օրինակներ են Սուրիան եւ Լիպիան:

«Լեռնային Ղարաբաղի պարագային իրավիճակը սկզբունքօրէն կը տարբերի, որուն մասին ես մասամբ ըսած եմ նախորդ հարցումներու պատասխաններուն մէջ: Կրկնեմ` երբեք չենք պահած եւ չենք պահեր, որ չենք պաշտպաներ ճգնաժամի լուծման ուժային ուղին, կը ձգտինք մարտական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման», նշեց Լաւրով:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ ինչպէս տագնապի կողմերուն, նոյնպէս ալ անոնց արտաքին գործընկերներուն համար կարեւոր է անշեղօրէն յարգել զինադադարի, վերահսկողական մեքանիզմի ստեղծման եւ որոշակի ժամանակացոյցով բովանդակալից բանակցային հոլովոյթի վերսկսման մասին համաձայնութիւնները:

«Եւ թէեւ մէկ անգամէն կայուն զինադադարի հասնիլ կարելի չէ եղած, սակայն մենք պիտի շարունակենք օգտագործել շրջանին մէջ մեր ունեցած ամբողջ ազդեցութիւնը, պիտի աշխատինք թուրք գործընկերներու հետ, որպէսզի դադրեցնեն զինուորական դիպաշարի հետագայ զարգացումը, երկխօսութիւն հաստատուի կողմերուն միջեւ, Պաքուն ու Երեւանը պիտի համոզենք նստելու բանակցութիւններու սեղան», նշած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:

«Մեզ, ի հարկէ, կը մտահոգէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի միջազգայնացումը եւ Միջին Արեւելքէն զինեալներու ներգրաւումը: Մենք բազմիցս կոչ ուղղած ենք արտաքին դերակատարներուն օգտագործելու իրենց կարելիութիւնները` կանխարգիլելու տեղափոխումը վարձկաններու, որոնց թիւը կը մօտենայ երկու հազարի: Այս նիւթը, մասնաւորաբար, շօշափուած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ 27 հոկտեմբերին կայացած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ կանոնաւոր հաղորդակցութիւններու ժամանակ: Յամառօրէն կը շարունակենք տարբեր խողովակներով յառաջ մղել մեր դիրքորոշումը», ըսաւ Լաւրով:

Քաղուած «Ազդակ»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/11/2020, 08:29