Գերմանիոյ դրօշակը Գերմանիոյ դրօշակը 

Գերմանիան 2 միլիոն Եուրօ տրամադրեց՝ Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնելու

Գերմանիան 2 միլիոն եուրօ տրամադրեց Կարմիր խաչին` Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնելու համար:

Գերմանիան 2 միլիոն եուրօ տրամադրեց Կարմիր խաչին` Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ծրագիրներ իրականացնելու համար: Կառավարութիւնը միաժամանակ ընդգծեց, որ միջազգային կազմակերպութիւնը պէտք է անարգել մուտքի կարելիութիւն ունենայ ռազմական գործողութիւններէն տուժած բոլոր տարածքներ` անխտիր բոլոր կարիքաւորներուն աջակցելու համար:

Կարմիր խաչը միջազգային միակ կազմակերպութիւնն է, որ ղարաբաղեան վերջին պատերազմէն առաջ գրասենեակներ ունէր ո՛չ միայն Հայաստանի ու Ատրպէյճանի, այլ նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ տասնամեակներ շարունակ տարածաշրջանին մէջ աշխոյժ աշխատանք կը տանի մարդասիրական խնդիրներու, որոնց կարգին անյայտ կորսուածներու յայտնաբերման եւ գերիներու փոխանակման ուղղութեամբ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2020, 08:30