Վոլոքոլամսքի մետրոպոլիտ Իլարիոն Վոլոքոլամսքի մետրոպոլիտ Իլարիոն 

Ռուս ուղղափառ եկեղեցին Մոսկուայի պատրիարքին միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր պետերուն միջեւ չանակցութիւններու վերսկսման յոյս կը յայտնէ

«Գոյութիւն ունեցած է եւ ունի եռակողմ բանակցութիւններու մեքանիզմ, որուն ծիրին մէջ հայոց կաթողիկոսը, Կովկասի իսլամներու հոգեւոր վարչութեան ղեկավարը եւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքը կը հանդիպին քննարկելու գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ համապատասխան որոշումներ կու տան»

Մոսկուայի պատրիարքարանի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի նախագահ Վոլոքոլամսքի մետրոպոլիտ Իլարիոն յայտարարած է, թէ ռուս ուղղափառ եկեղեցին յոյսով է, որ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլի միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր պետերուն միջեւ պիտի վերսկսին բանակցութիւնները: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Գոյութիւն ունեցած է եւ ունի եռակողմ բանակցութիւններու մեքանիզմ, որուն ծիրին մէջ հայոց կաթողիկոսը, Կովկասի իսլամներու հոգեւոր վարչութեան ղեկավարը եւ Մոսկուայի եւ համայն Ռուսիոյ պատրիարքը կը հանդիպին քննարկելու գոյութիւն ունեցող խնդիրները եւ համապատասխան որոշումներ կու տան», ըսած է ան:

Վոլոքոլամսքի մետրոպոլիտին կարծիքով` ժամանակն է վերադառնալ այդ ձեւաչափին:

«Ես յոյսով եմ, որ մօտիկ ապագային Մոսկուայի պատրիարքին միջնորդութեամբ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հոգեւոր պետերուն միջեւ կը վերսկսին բանակցութիւնները, եւ այդ ժամանակ կարելի կ՛ըլլայ լուծել երկու երկիրներու տարածքին մէջ կրօնական կառոյցներու վերականգնման եւ բնականոն գործունէութեան առնչուած հարցերը», նշած է ան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2020, 08:16