Տէր կանգնինք Արցախի մանուկներուն Տէր կանգնինք Արցախի մանուկներուն 

«Աւետարանչական»ի նոր նախաձեռնութիւնը՝ «Տէր կանգնինք Արցախի մանուկներուն»

Դրամահաւաքի ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի ընտանիքներուն եւ մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի պատերազմին հետեւանքով դժուար վիճակներու մէջ յայտնուած Արցախի մանուկներուն։

Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը  (AMMA-ԱՀԱԸ) օրերս որոշում կայացուցած է նոր դրամահաւաք մը սկսիլ հասնելու համար Արցախի պատերազմին հետեւանքով ծանր վնասներու ենթարկուած ընտանիքներուն։

 «Արեւելք»ի աղբիւրներուն համաձայն կայանալիք դրամահաւաքի ամբողջ հասոյթը պիտի տրամադրուի Արցախի ընտանիքներուն եւ մեծ ուշադրութիւն պիտի դարձուի պատերազմին հետեւանքով դժուար վիճակներու մէջ յայտնուած Արցախի մանուկներուն։

Այս առթիւ ալ ընկերակցութիւնը պատրաստած ու հանրութեան ներկայացուցած է յատուկ տեսանիւթ մը, որուն միջոցաւ ալ ԱՀԱԸ կը դիմէ իր լայն շրջանակներուն անոնցմէ խնդրելով մասնակցութիւն բերել ընթացք առած նուիրահաւաքին։

 Նշենք, որ այս առաջին նախաձեռնութիւնը չէ, որուն կը դիմէ ԱՀԱԸ-ն եւ վստահօրէն այս առումով ալ պիտի շարունակէ իր ազգանուէր առաքելութիւնը։

Քաղուած «Արեւելք»էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2020, 07:00