Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին 

Մայր Աթոռը դատապարտեց Ատրպէյճանի՝ Արցախի սրբավայրերը թիրախ դարձնելը։

«Հաւատաւոր մարդկանց կրօնական սրբազան զգացմունքների այսօրինակ անարգումը եւ աղօթատների նպատակային թիրախաւորումը ուղղակիօրէն հակասում են բոլոր կրօնների ուսուցանած պատգամներին»,
Ունկնդրէ լուրը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարութեամբ դատապարտեց Ատրպէյճանի՝ սրբավայրերու եւ պատմամշակութային ժառանգութեան թիրախ դարձնելը՝ զայն նկատելով իբրեւ ծայրայեղ կրօնական անհանդուրժողականութեան դրսեւորում, եւ կոչ ուղղեց եկեղեցիներու հովուապետերուն, միջազգային հանրութեան եւ կազմակերպութիւններուն, միջեկեղեցական ու միջկրօնական կառոյցներուն՝ վճռական ձայն բարձրացնելու յանուն արիւնահեղութեան կասեցման, Արցախի ժողովուրդի ազատ ու անկախ կեանքի իրաւունքի պաշտպանութեան, հոգեւոր-մշակութային հնամենի ժառանգութեան եւ վկայութիւններու անխաթար պահպանման:

Դիտել տալով, որ Արցախի դէմ Ատրպէյճանի սանձնազերծած ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին թիրախ կը դառնան նաեւ ռազմական նշանակութիւն չունեցող խաղաղ բնակավայրեր, մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, Շուշին եւ այլ քաղաքներ՝ խլելով անմեղ կեանքեր եւ մեծ վնաս պատճառելով խաղաղ բնակչութեան՝ Մայր աթոռը կը նշէ. «Ադրբեջանը, միջազգային բոլոր պարտաւորութիւնների անտեսումով, թիրախաւորել է նաեւ Արցախ աշխարհի սրբավայրերն ու պատմամշակութային ժառանգութիւնը՝ բացայայտելով Արցախի հայաթափմանը եւ հայկական մշակութային ներկայութեան ոչնչացմանը միտուած իր դատապարտելի եւ այլեւս աւանդական դարձած քաղաքականութիւնը: Այսօր՝ Հոկտեմբերի 8ին, խաղաղ բնակավայրերի հերթական հրետակոծութեան ժամանակ նշանառութեան տակ է առնուել եւ ռմբակոծուել Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին:

«Հաւատաւոր մարդկանց կրօնական սրբազան զգացմունքների այսօրինակ անարգումը եւ աղօթատների նպատակային թիրախաւորումը ուղղակիօրէն հակասում են բոլոր կրօնների ուսուցանած պատգամներին», կ՛ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2020, 07:34