Ճանչնալ Արցախը Ճանչնալ Արցախը 

Միլան Քաղաքը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը։

«Ճանաչումը կրնայ հանգեցնել ոչ միայն արդարութեան հաստատման, այլ վերջ պիտի դնէ լռութեան, որ սկսած է դառնալ յանցագործութեան մեղսակցութիւն»,
Ունկնդրէ լուրը

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Ապառաժ»․- Միլան քաղաքի քաղաքապետական խորհուրդը ճանչցաւ Արցախի անկախութիւնը եւ դատապարտեց Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի յարձակումները եւ բռնարարքները:

Միաձայնութեամբ հաստատուած բանաձեւին մէջ քաղաքապետական խորհուրդը նաեւ կը յանձնարարէ Միլանի քաղաքապետին եւ քաղաքի գործադիր իշխանութիւններուն, որ դիմեն Իտալիոյ ազգային իշխանութիւններուն՝ Արցախի Հանրապետութիւնը պաշտօնապէս ճանչնալու խնդրանքով:

«Ճանաչումը կրնայ հանգեցնել ոչ միայն արդարութեան հաստատման, այլ վերջ պիտի դնէ լռութեան, որ սկսած է դառնալ յանցագործութեան մեղսակցութիւն», կ՛ըսուի քաղաքապետական խորհուրդի որոշումին մէջ:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2020, 07:19