Փութին ու Մաքրոն Փութին ու Մաքրոն  

Փութին ու Մաքրոն քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը

Փութին ու Մաքրոն հակամարտութեան կողմերուն շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի եւ լարուածութիւնը մեղմելու կոչ ըրած են:

Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Էմանուէլ Մաքրոն հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են իրավիճակը Լեռնային Ղարաբաղի եւ Պելառուսիոյ մէջ, կը հաղորդէ Քրեմլի մամուլի ծառայութիւնը:

Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ: Փութին ու Մաքրոն հակամարտութեան կողմերուն շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի եւ լարուածութիւնը մեղմելու կոչ ըրած են:

«Մանրամասն քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի սահմանագիծին իրավիճակի կտրուկ սրումը: Լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են շարունակուող լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններու առնչութեամբ: Փութին եւ Մաքրոն հակամարտող կողմերուն շուտափոյթ եւ ամբողջական հրադադարի, լարուած իրավիճակը մեղմելու, առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչ ըսած են»,- կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:

Մամուլի ծառայութիւնը աւելցուցած է, որ զրոյցի ընթացքին նշուած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի ճգնաժամի քաղաքական եւ դիւանագիտական մեթոտներով կարգաւորումը այլընտրանք չունի: «Այս ծիրէն ներս դիտարկուած են յետագայ փոխգործակցութեան յատուկ չափորոշիչներ, առաջին հերթին` ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի ձեւաչափով: Անոնք պատրաստակամութիւն յայտնած են Մինսկի խումբի (Ռուսիա, Ֆրանսա եւ Միացեալ Նահանգներ) համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն անունէն հանդէս գալ յայտարարութեամբ` յօգուտ զինուած առճակատման շուտափոյթ դադրեցման եւ բանակցային գործընթացի վերսկսման»,- կը տեղեկացնէ Քրեմլ:

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/10/2020, 08:50