Հակամարտութենէն քանդուած դպրոց Հակամարտութենէն քանդուած դպրոց 

Արցախի մէջ 24 հազար երեխայ զրկուած է կրթութեան իրաւունքէն

Հակառակ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն՝ Ատրպէյճանը կը շարունակէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերով արգիլուած զինատեսակներէն հրետակոծել նոյնիսկ կրթական հաստատութիւնները

Արցախա-ատրպէյճանական շփման գիծի ամբողջ երկայնքով 27 սեպտեմբերի վաղ առաւօտէն Թուրքիոյ գործուն աջակցութեամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնամաշտապ ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով Արցախի Հանրապետութեան աւելի քան 24 հազար երեխայ զրկուած է կրթութեան իրաւունքը իրացնելու հնարաւորութենէն՝ դպրոց յաճախելէն: Այս մասին կը յայտնէ ԿԳՄՍՆ-ն։

Ունկնդրէ լուրը

Հակառակ ստանձնած միջազգային պարտաւորութիւններուն՝ Ատրպէյճանը կը շարունակէ միջազգային իրաւունքի չափանիշերով արգիլուած զինատեսակներէն հրետակոծել նոյնիսկ կրթական հաստատութիւնները: Ռազմական յարձակման հետեւանքով վնասուած են 10-էն աւելի դպրոցներու, ինչպէս նաեւ շարք մը մանկապատէզներու շէնքներն ու օժանդակ շինութիւնները: Ատրպէյճանական յարձակման պատճառով հազարաւոր երեխաներ զրկուած են նաեւ մանկապարտէզ յաճախելու հնարաւորութենէն, երիտասարդները չեն շարունակեր կրթութիւնը բուհերէն ներս:

Քաղուած «Արեւելք»էն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2020, 08:20