Վլատիմիր Փութին Վլատիմիր Փութին 

Հայաստանի նկատմամբ Ռուսիոյ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն հաւատարիմ պիտի մնանք․ Վլատիմիր Փութին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ողբերգական բնոյթ ունին եւ ինք մտահոգուած է հետագայ զարգացումներով:

Ռուսիա մշտապէս կատարած, կը կատարէ եւ պիտի կատարէ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի (ՀԱՊԿ) ծիրին մէջ Հայաստանի նկատմամբ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները: Սոյն յայտարարութիւնը կատարեց Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը՝ ծննդեան օրուան առիթով ռուսական պետական հեռատեսիլի կայանին՝ «Ռոսիա1»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ:
« Ինչպէս յայտնի, է Հայաստանը ՀԱՊԿ անդամ է, եւ Հայաստանի առջեւ ունինք որոշակի պարտաւորութիւններ՝ այդ պայմանագիրի ծիրին մէջ: Սակայն ռազմական գործողութիւնները, որոնք ցաւ ի սիրտ, կը շարունակուին, տեղի չեն ունենար Հայաստանի սահմաններուն մէջ: Ինչ կը վերաբերի Ռուսիոյ կողմէ այդ պայմանագիրի ծիրին մէջ իր պարտաւորութիւնները կատարելուն, ապա մենք միշտ կատարած, կը կատարենք եւ պիտի կատարենք մեր պարտաւորութիւնները: Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի վարչապետին հետ մնայուն եւ անմիջական հաղորդակցութեան մէջ ենք, Հայաստանի ղեկավարութեան մէջ որեւէ հարց չկայ Ռուսիոյ կողմէ իր դաշնակցային պարտաւորութիւնները կատարելու որակին վերաբերեալ».- յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը:

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ողբերգական բնոյթ ունին եւ ինք մտահոգուած է հետագայ զարգացումներով:

« Ե’ւ Ազրպէյճանը, ե’ւ Հայաստանը,Ղարաբաղը տարածքներ են, ուր մեզի օտար մարդիկ չեն ապրիր: Բաւական է նշել, որ Ռուսիոյ մէջ կը բնակին շուրջ երկու միլիոն ազերի եւ մեր հաշուարկներով աւելիք քան երկու միլիոն հայ: Ռուսիոյ բազմաթիւ քաղաքացիներ սերտ, բարեկամական, անգամ ազգակցական կապեր ունին երկու հանրապետութիւններուն մէջ».- յայտնեց Ռուսիոյ նախագահը:

Քաղուած «Եռագոյն» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/10/2020, 07:52