Նուրհան Պատրիարքի կոչը՝ դադրեցնելու Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի զինումը Նուրհան Պատրիարքի կոչը՝ դադրեցնելու Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի զինումը 

Նուրհան Պատրիարքի կոչը՝ դադրեցնելու Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանի զինումը

Այսօր Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը փորձեն ջնջել հայերը իրենց հայրենիքէն, եւ, դժբախտաբար, ձեր երկիրը կ՛օգնէ անոնց՝ հասնելու իրենց միասնական նպատակին: Ո՞ւր մնաց բարոյականութիւնը:
Ունկնդրէ լուրը

5 Հոկտեմբերին, Երուսաղէմի Հայոց պատրաիք Նուրհան արք. Մանուկեան նամակ ուղղեց Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին՝ կոչ ընելով դադրեցնելու Իսրայէլի կողմէ Ատրպէյճանին զէնքի վաճառքը:

Նամակէն օրինակներ ղրկուեցան նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարին,  խորհրդարանի խօսնակին եւ արտաքին գործոց նախարարին:

Նուրհան պատրիարքը նամակին մէջ գրած է հետեւեալը. «Ցաւալի է, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան խաղաղ հայ բնակչութեան դէմ Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան կը մասնակցի Իսրայէլ՝ իր աջակցութեամբ: Իսրայէլի ներկայ դիրքորոշումը հեգնանքով ցոյց կու տայ, որ Իսրայէլ անբարենպաստ վերաբերմունք ունի Հայաստանի եւ 20րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը ապրած հայ ժողովուրդի նկատմամբ: Այսօր Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը փորձեն ջնջել հայերը իրենց հայրենիքէն, եւ, դժբախտաբար, ձեր երկիրը կ՛օգնէ անոնց՝ հասնելու իրենց միասնական նպատակին: Ո՞ւր մնաց բարոյականութիւնը»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2020, 10:51