Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթէ այցելեց Լիբանան։ Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթէ այցելեց Լիբանան։ 

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթէ այցելեց Լիբանան։

Իտալիոյ Վարչապետը կը խոստանայ, որ իր երկիրը Պէյրութի վերակառուցման աշխատանքի փուլին ընթացքին առաջնագիծին վրայ պիտի ըլլայ
Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփէ Քոնթէ երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մը հասաւ Լիբանան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ իշխանութեան երեք պետերուն հետ` հաստատելով, որ Պէյրութի վերակառուցման փուլին ընթացքին Իտալիա առաջնագիծին վրայ կը գտնուի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն յայտնեց, որ Լիբանան շնորհակալ է եւ բարձր կը գնահատէ ութսունականներէն ի վեր Իտալիոյ տրամադրած օժանդակութիւնը:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ յարաբերութիւնները հինէն կու գան եւ ամրապնդուած են:

Ան յոյս յայտնեց, որ այդ յարաբերութիւնները աւելի եւս կ՛ամրապնդուին յառաջիկայ տարիներուն ընթացքին` մաղթելով միաժամանակ, որ Իտալիա միջազգային ընտանիքին հետ կարենայ օժանդակել` դիմագրաւելու համար Լիբանանի վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն ձգած հետեւանքները, ինչպէս նաեւ զարգացնելու համար Լիբանանի տնտեսութիւնն ու վերացնելու Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետքերը:

Նախագահ Աուն անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի եւ Իտալիոյ միջեւ տնտեսական եւ առեւտրական գործակցութեան` ընդգծելով, որ Իտալիա դարձած է Լիբանանի հիմնական գործընկերներէն մէկը:

«Իտալիա «Սետր»-ի խորհրդաժողովին ընթացքին Լիբանանին 120 միլիոն եւրոյի գումար մը տրամադրած է, ինչպէս նաեւ «Էնի» իտալական ընկերութիւնը` «Թոթալ» եւ «Նովաթեք» ֆրանսական եւ ռուսական ընկերութիւններուն հետ գործակցաբար մասնակցած է լիբանանեան ջուրերուն մէջ գտնուող թիւ 4 եւ թիւ 9 նաւթահորերուն մէջ բնական կազի պեղման գործողութիւններուն:

Իր կարգին, Քոնթի ցաւակցութիւն յայտնեց նախագահ Աունին` Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառած զոհերուն համար:

Քոնթի նշեց, որ նաւահանգիստի պայթումէն ետք Պէյրութի վերակառուցման աշխատանքի փուլին ընթացքին Իտալիա պիտի գտնուի առաջնագիծին վրայ:

Ան նշեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն անմիջապէս ետք Իտալիա նախաձեռնեց շտապ գործողութեան մը` «Մայրիներու շտապ» անուանումով:

Ան յայտնեց, որ Իտալիա Լիբանան ուղարկեց դաշտային զինուորական գերարդիական հիւանդանոց մը, ինչպէս նաեւ իտալական բանակի յատուկ ջոկատ մը, որ աւերակները հաւաքելու մասնագիտութիւն ունի եւ օժանդակած է նաւահանգիստին մէջ գործուած աւերները հաւաքելու աշխատանքին:

Քոնթի հաստատեց, որ Իտալիա կը յարգէ լիբանանցի ժողովուրդին գերիշխանութիւնը, բայց եւ այնպէս ան նեցուկ պիտի կանգնի լիբանանցիներուն, որպէսզի ամէնէն արագ միջոցին կարելի ըլլայ կառավարութիւն մը կազմել:

Քոնթի ընդգծեց, որ Լիբանան իրաւունք ունի բարգաւաճելու, խաղաղ ապրելու եւ փայլուն ապագայ մը ունենալու: «Լիբանան կրնայ Իտալիոյ վստահիլ` միջազգային ընտանիքին օժանդակութիւնը ստանալու առումով», յայտնեց ան:

Քոնթի այցելեց նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նոր նշանակուած վարչապետ Մուսթաֆա Ատիպ իր կարգին ընդունեց Քոնթին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւններն ու զանոնք ամրապնդելու հեռանկարները:

Քոնթի Ատիպին յաջողութիւն մաղթեց իր ստանձնած նոր պաշտօնին առիթով, ինչպէս նաեւ յոյս յայտնեց, որ ան կը կարենայ նոր կառավարութիւնը ամէնէն մօտիկ ժամանակաշրջանին կազմել:

Իր կարգին, Ատիպ շնորհակալութիւն յայտնեց Քոնթիի` Իտալիոյ կողմէ Լիբանանի տրամադրուած օժանդակութիւններուն, ինչպէս նաեւ Իտալիոյ կողմէ Լիբանանին զօրակցելու առիթով:

Միւս կողմէ, Քոնթի այցելեց նաեւ վարչապետարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի հետ: Ներկայ գտնուեցան նաեւ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր եւ զբօսաշրջութեան ու ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ:

Հանդիպումին ընթացքին Քոնթի յայտնեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումէն ետք Իտալիա իսկոյն ճշդած է լիբանանցիներուն կարիքները եւ ընդառաջած անոնց օժանդակութեան` հաստատելով, որ Իտալիա միշտ պիտի զօրակցի Լիբանանին եւ պիտի մասնակցի Լիբանանի վերաշինութեան:

Իր կարգին, Տիապ շնորհակալութիւն յայտնեց Իտալիոյ` Լիբանանին մշտական օժանդակութեան եւ զօրակցութեան համար:

Քոնթի այցելեց նաեւ Հատաթի մէջ զետեղուած իտալական դաշտային հիւանդանոցը եւ զայն ստուգելէ ետք յայտնեց, որ Լիբանան տարբեր մարզերու պարագային արտակարգ իրավիճակի մէջ կը գտնուի:

«Լիբանանցիները կը տառապին, իսկ երկիրը կարիքը ունի նոր եւ հզօր ուխտի մը», ըսաւ ան:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/09/2020, 08:54