Պատրիարք Ռայիի նախագահած սուրբ պատտարագը Պատրիարք Ռայիի նախագահած սուրբ պատտարագը 

Պշարա Ռայի Պատրիարքը ՄԱԿ-էն պահանջեց Լիբանանեան իշխանութիւններուն նկատմամբ հետաքննութիւն պարտադրել։

Խօսքը ուղղելով զոհերու ընտանիքներուն` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս էջը պիտի չփակուի, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի:
Ունկնդրէ լուրը

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Հարիսայի մէջ նախագահեց Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումի զոհերու հոգեհանգստեան արարողութեան, որմէ ետք տուած քարոզին ընթացքին ՄԱԿ-էն պահանջեց միջազգային հետաքննութիւն պարտադրել լիբանանեան իշխանութիւններուն նկատմամբ:

Խօսքը ուղղելով զոհերու ընտանիքներուն` Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ այս էջը պիտի չփակուի, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը բացայայտուի: Ան ընդգծեց, որ տեղական հետաքննութեան խառնաշփոթութիւնը, իրար հակասող տեղեկութիւնները, կառավարութեան հրաժարականը, աճող կասկածները, նաւահանգիստին մէջ քանի մը օր առաջ ծագած երկրորդ հրդեհը, եւ քաղաքական պատասխանատուներու անհոգութիւնը մեզ կը մղեն կրկին պահանջելու անաչառ միջազգային հետաքննութիւն:

«Արդարադատութիւնը չի հակասեր ինքնիշխանութեան, ո՛չ ալ ինքնիշխանութիւն գոյութիւն ունի առանց արդարութեան: Եթէ իշխանութիւնները քաղաքական նկատառումներէ մեկնելով կը մերժեն միջազգային հետաքննութիւնը, ապա ՄԱԿ-ը պէտք է ատիկա պարտադրէ, քանի որ տեղի ունեցածը կը նմանի մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի: Եթէ մարդոց սպանութիւնը եւ քաղաքի ժառանգութիւնը ջնջելը մարդկութեան դէմ ոճիր չեն, ուրեմն ո՞ր ոճիրը աւելի ծանր կը նկատուի», հարց տուաւ Ռայի պատրիարքը:

Պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան` իր աշխուժ չէզոքութեամբ, անհրաժեշտութիւն է միջինարեւելեան միջավայրին մէջ, նշելով, որ կայ աղաւաղում ցուցարարներու պահանջներուն, անոնց վրայ յարձակում կը կատարուի, ինչպէս նաեւ Պէյրութի սիրտը կը քանդուի` անոր բարգաւաճումը կանխելու համար: Պատրիարքը դատապարտեց բոլոր կասկածելիները եւ մեղաւորները, որոնք առնչուած են դրամատուներու քանդումին, անոնց նկատմամբ վստահութեան ոչնչացման, համայնքային կարգախօսներու բարձրաձայնումին, համայնքային բախումներու հրահրումին, նաւահանգիստի պայթումին, եւ երեք օր առաջ ծագած հրդեհին հետ:

Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ կ՛ուշանայ սեղմ կազմով փրկութեան կառավարութեան կազմութիւնը, որ վստահութիւն ներշնչէ` նշելով, որ պատճառը այն է, որ համակարգը մխրճուած է եսասիրութեան եւ փտածութեան մէջ: Պատրիարքը անընդունելի նկատեց նախորդներուն նման կառավարութեան կազմ մը, որուն մէջ որեւէ կուսակցութեան կամ համայնքի նախարարութիւններ կը յանձնուին Ազգային ուխտին անունով:

Քաղուած «Ազդակ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2020, 08:22