Պոլսոյ Տ. Սահակ  Բ.  Պատրիարք Պոլսոյ Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք 

«Եկանք հաղորդուելու Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ սրբատաշ քարերուն հետ». Սահակ Բ.ն Պատրիարք պատգամ մը տուաւ Վանէն

Պատրիարքը կարեւորեց Սուրբ Խաչ Տաճարի գոյութիւնը ու նաեւ նշեց, որ տաճարը ներշնչման աղբիւր է բոլոր քրիստոնեաներուն ու մասնաւորապէս հայերուն համար։

«Այս  եկեղեցին մեզի համար զօրութեան  աղբիւր  է,  որովհետեւ այն միակ  տաճարն է, որ կը շարունակէ կանգուն մնալ  այս հողերուն վրայ».  այսօր  այս  խօսքերով  հայութեան  իր  խօսքը յղեց  Պոլսոյ Տ. Սահակ  Բ.  Պատրիարք։

Ունկնդրէ լուրը

Պատրիարք  հայրը,  ընկերակցութեամբ  Պոլսոյ Միաբանութիւնը  ներկայացնող    միաբան  հայրերու եւ աշխարհական   գործիչներու նախագահեց Վանի  Աղթամար  կղզիի Սուրբ Խաչ  եկեղեցւոյ անուանակոչութեան համար   մատուցուած  Սուրբ Պատարագին։

Օրուան պատարագիչն էր  Պոլսոյ     Պատրիարքիական   փոխանորդ   Տ. Գրիգոր աւ.քհնյ. Տամատեան:    Յաւարտ Սուրբ Պատարագի,      Սուրբ Խորան  Բարձրացաւ     Պոլսոյ   Տ. Սահակ  Բ.ն Պատրիարքը, որ      երկլեզու  յաւուր պատճաշի     կարճ  քարոզ մը տուաւ։

Պատրիարքը    կարեւորեց   Սուրբ Խաչ  Տաճարի  գոյութիւնը   ու նաեւ նշեց, որ տաճարը   ներշնչման  աղբիւր  է  բոլոր քրիստոնեաներուն ու մասնաւորապէս   հայերուն   համար։  Ան  մասնաւորապէս ըսաւ.

«Աստուած   բոլոր հայերուն  արժեցնէ, որ այս Սուրբ  Տաճարը  տեսնեն ու աղօթեն:  Ես  վստահ եմ,  որ ոչ մէկ  հայ   պիտի զղջայ  այս   Սուրբ  Տաճարը  այցելելով»,  ըսաւ  Պատրիարքը, նշելով նաեւ, որ  քրիստոնէութիւնը զոհողութեան եւ նուիրումի   ճանապարհ է եւ այդ  առումով ալ  կոչ ուղղեց բոլորին՝ վերադառնալու քրիստոնէական  բարձր արժէքներուն։

Սահակ  Պատրիարքը   իր քարոզին  մէջ նաեւ նշեց, որ այս  օրը     հայութեան համար ալ  պատմական օր մըն է, որովհետեւ առաջին անգամն է, որ  Պոլսոյ Սուրբ Աթոռի Պատրիարք մը  կը հասնի  Վանի  Աղթամար  Կղզի  ու   տօնական  այս   օրին պատարագ կը մատուցանէ    Սուրբ  Խաչի   պատմակերտ  տաճարին մէջ։

Յիշեցնենք, որ   Աղթամարի  Սուրբ  Խաչ   Տաճարը   երկար տարիներով  փակ մնալէ ետք   առաջին անգամ հաւատացեալներուն  առջեւ   վերաբացուած էր  2007 թուականին։

Այդ  օրերու   Պատրիարքական  ընդհանուր  փոխանդորդ  Տ. Արամ  արք. Աթէշեան  մեծ  ճիգեր  գործադրած էր, որպէսզի  Սուրբ Խաչի տաճարի   գմբէթին   տեղադրուէր    մեծակերտ    եւ օրհնուած  Խաչ մը, որ  ցայսօր ալ կը համարուի Արեւմտեան  Հայաստանի     մէջ   կանգուն մնացած   հայկական  միակ եկեղեցին, որուն  գմբէթին  կը  հանգչի մեր  կրօնաւորներուն ձեռամբ  օրհնուած     խաչ մը։

Քաղուած «Արեւեք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/09/2020, 08:03