Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 

Մայր Աթոռն ու ԿԳՄՍՆ-ն առաջիկային քննարկում պիտի ունենան

Կարեւորելով Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տարածաշրջանային պատասխանատուներու առաքելութիւնը՝ Վեհափառը յորդորած է նոյն նախանձախնդրութեամբ շարունակել իրենց ներդրումը բերել առարկայի դասաւանդման արդիւնաւէտութեան բարձրացման։

Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսն ու Մայր Աթոռի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի (ՔԴԿ) տարածաշրջանային պատասխանատուներն այսօր քննարկած են «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի դասաւանդման գործընթացին մէջ արձանագրուած յաջողութիւնները եւ առկայ մարտահրաւէրները:

Կարեւորելով Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տարածաշրջանային պատասխանատուներու առաքելութիւնը՝ Վեհափառը յորդորած է նոյն նախանձախնդրութեամբ շարունակել իրենց ներդրումը բերել առարկայի դասաւանդման արդիւնաւէտութեան բարձրացման։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը պատասխանատուներուն տեղեկացուցած է նաեւ առաջիկային տեղի ունենալիք Մայր Աթոռի եւ ԿԳՄՍ նախարարութեան կրթական հարցերով ենթախումբերու հանդիպման մասին՝ յոյս յայտնելով, որ քննարկումներու շնորհիւ հնարաւոր պիտի ըլլայ շահեկան եզրայանգման գալ կրթական բարեփոխումներու, այդ շարքին եւ «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկայի առնչութեամբ բարձրաձայնուած մտահոգութիւններու եւ առաջարկութիւններու հարցով։

Քաղուած «Արեւելք»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/09/2020, 09:07