ապօրինի գաղթականներ փոխադրող բեռնակառք ապօրինի գաղթականներ փոխադրող բեռնակառք 

Աւստրիական ոստիկանութիւնը կը ձերբակալէ Սուրիայէն, Իրաքէն եւ Թուրքիայէն 38 ապօրինի գաղթականներ փոխադրող բեռնակառքի վարորդը

«Գաղթականները յայտնեցին, որ մահէն կը վախնային ճամբորդութեան ընթացքին` թթուածինի նուազումին պատճառով, եւ կրցած են բեռնակառքը կանգնեցնել»

Աւստրիական ոստիկանութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալած է վարորդը սառնարան-բեռնակառքի մը, որուն մէջ կը գտնուէին 38 ապօրինի սուրիացի, իրաքցի եւ թուրք գաղթականներ, ներառեալ` 6 երեխաներ, որոնք իրարու վրայ դիզուած էին առանց օդ շնչելու բացուածքի:

Ունկնդրէ լուրը

Ոստիկանութիւնը նշեց, որ բեռնակառքը յայտնաբերած է մայրուղիի մը եզրին:

«Գաղթականները յայտնեցին, որ մահէն կը վախնային ճամբորդութեան ընթացքին` թթուածինի նուազումին պատճառով, եւ կրցած են բեռնակառքը կանգնեցնել», նշեց աւստրիական ոստիկանութիւնը` աւելցնելով, որ երբ բեռնակառքը կանգ առած է, կարգ մը գաղթականներ առիթը օգտագործած են փախուստ տալու: Փախուստ տուած է նաեւ բեռնակառքի վարորդը` 51 տարեկան թուրք մը, որ Ռումանիա կը բնակի:

Ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ բեռնակառքին մասին տեղեկութիւն ստացած է, ուստի անմիջապէս ուղղաթիռ մը ուղարկած է եւ յաջողած ձերբակալել վարորդը, որ իշխանութիւններուն կարծիքով` կ՛աշխատի մարդոց մաքսանենգման ցանցի մը մէջ:

«Գաղթականները բեռնակառք բարձրացան Ռումանիոյ մէջ վճարելէ ետք 6-էն 8 հազար եւրօ: Այդ գումարը անոնցմէ իւրաքանչիւրը վճարեց Ռումանիան Հունգարիայէն բաժնող Եւրոպական Միութեան արտաքին սահմանը անցնելու եւ Աւստրիոյ ճամբով Արեւմտեան Եւրոպա հասնելու համար», հաղորդեց աւստրիական ոստիկանութիւնը:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2020, 09:34