Հրթիռակոծում Հրթիռակոծում 

Անհրաժեշտ է անյապաղ վերականգնել հրադադարը. ՀԱՊԿ

Ստեղծուած իրավիճակը չի նպաստեր 1994ին ստորագրուած հրադադարի համաձայնագիրին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ծիրին մէջ ուժ չկիրառելու վերաբերեալ փոխադարձ պարտաւորութիւններու կատարման

Հաւաքական ապահովութեան պայմանագրի կազմակերպութիւնը (ՀԱՊԿ) տարածեց յայտարարութիւն մը՝ Արցախ-Ատրպէյճան սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին մասին, նշելով. «ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասը լրջօրէն մտահոգ է։ Խախտած է հրադադարը, կ՛օգտագործուի ծանր սպառազինութիւն:

Ստեղծուած իրավիճակը չի նպաստեր 1994ին ստորագրուած հրադադարի համաձայնագիրին եւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման ծիրին մէջ ուժ չկիրառելու վերաբերեալ փոխադարձ պարտաւորութիւններու կատարման: Անհրաժեշտ է անյապաղ վերականգնել հրադադարը եւ վերադառնալ բանակցային գործընթացին՝ ԵԱՀԿի Մինսկի խումբի համանախագահութեան հովանիին տակ»:

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2020, 08:00