ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես  

Կութիերես կը զգուշացնէ, որ Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան լարուածութիւնը կրնայ աշխարհը բաժնել «երկու դաշինք»-ի

Կութիերեսի համաձայն, մենք բոլորս տարբեր շահեր ունինք, եւ դիւրին չէ միջազգային ընտանիքին միաւորուիլ ստիպել:

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Չինաստանի միջեւ յարաբերութիւնները «երբեք այնքան ոչ գործնական չեն եղած, որքան այսօր են», եւ նախազգուշացուցած է, որ երկու տէրութիւններուն միջեւ լարուածութեան սրումը կրնայ աշխարհը բաժնել «երկու դաշինքներ»-ու: Ան այս մասին յայտարարած է «ԹԱՅՄ100 թալքս»-ի քննարկման ժամանակ:

«Երկու երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւնները, մասնաւորաբար` տնտեսական տարակարծութիւնները, կը սպառնան աշխարհը բաժնել երկու դաշինքներու` երկու գերիշխող արժոյթներով, երկու առեւտրական կանոններով, երկու տարբեր համացանցի ցանցերով եւ, անխուսափելիօրէն, երկու աշխարհառազմավարական եւ ռազմական ռազմավարութիւններով: Ատիկա հսկայական վտանգ է ամբողջ աշխարհին համար», ըսած է ան:

Կութիերեսի համաձայն, մենք բոլորս տարբեր շահեր ունինք, եւ դիւրին չէ միջազգային ընտանիքին միաւորուիլ ստիպել:

«Սակայն սպառնալիքները, որոնց մենք կը բախինք, պէտք է բոլորին ստիպեն հասկնալ, որ այն, ինչ որ մեզ կը միաւորէ, աւելի կարեւոր է, քան այն, ինչ որ մեզ կը բաժնէ», յայտնած է ան:

Կութիերես նաեւ հարուստ երկիրներուն կոչ ուղղած է «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարին մէջ օգնել իրենց աղքատ գործընկերներուն:

Կութիերես նաեւ մտավախութիւն յայտնած է «պատուաստանիւթի ազգայնականութեան» աճին նկատմամբ` մատնանշելով, որ երկիրները կը մրցակցին եւ ոչ թէ կը համագործակցին «պատուաստանիւթի մրցավազքին մէջ»:

«Կա՛մ մենք բոլորս պիտի ազատինք այդ հիւանդութենէն, կա՛մ ոչ ոք պիտի ազատի», ըսած է ան:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/08/2020, 10:09