Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս 

Հրապարակուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի տարեգրութիւնը

Հրատարակութիւնը նուիրուած է Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 20-ամեակին:

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչական բաժինը լոյս ընծայած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի` 1951-2019 թթ. տարեգրութիւնը եւ կենսամատենագիտութիւնը: Սոյն աշխատութիւնը հրատարակութեան պատրաստած է Մայր Աթոռի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի տնօրէն Արժանապատիւ Տ․ Արարատ քահանայ Պօղոսեանը, բ.գ.թ. Մաիա Գրիգորեանը եւ Գոհար Սարգսեանը:

Ունկնդրէ լուրը

Հրատարակութիւնը նուիրուած է Վեհափառ Հայրապետի օծման եւ գահակալութեան 20-ամեակին:

Գիրքը բաղկացած է երկու մասէ: Առաջին մասը Վեհափառ Հայրապետի 1951‒2019 թթ. տարեգրութիւնն է, իսկ երկրորդ մասը` Հայոց Հովուապետի կենսամատենագիտութիւնը, որուն միջոցով ինչպէս մերօրեայ հասարակութեան, այնպէս եւ ապագայ սերունդներուն հնարաւորութիւն կ'ընձեռուի լաւագոյնս ճանչնալու եւ անկողմնակալ ու անաչառ կերպով արժանի գնահատական տալու Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախանձախնդիր եւ արդիւնաւոր 20-ամեայ գործունէութեան:

Աշխատութիւնը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի, յատկապէս 21-րդ դարի առաջին երկու տասնամեակի` Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեամբ զբաղուող մասնագէտներու համար:

Գիրքը տպագրուած է մեկենասութեամբ «Սարգիս Գաբրիէլեան» հիմնադրամի:

Քաղուած «Արեւելք»էն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/08/2020, 08:00